Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հանրային հռչակագիրը` Արցախի մէջ ականազերծման հոլովոյթը աւարտին հասցնելու գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան մասին:
«Տը Արմինիըն Ուիքլի» կը հաղորդէ, որ Թիլըրսըն վերահաստատած է արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութիւնը Արցախի խաղաղութեան շուրջ առաջարկներուն, որոնք մշակուած են Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի եւ դեմոկրատական գործիչ Էլիոթ Էնկելի կողմէ:
Թիլըրսըն իր աջակցութիւնը յայտնած էր տակաւին յունիսին` պատասխանելով քոնկրեսականներու հարցումին: Հաղորդագրութեամբ, որ հրապարակուած է այս շաբաթ, Թիլըրսըն հաստատած է, որ ականազերծման հոլովոյթին զուգահեռ, աւելի քան 45 միլիոն տոլար յատկացուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապէն տուժածներուն:
«Մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած է ականազերծման հոլովոյթը կարելի եղածին չափ շուտ եւ ամբողջական կերպով աւարտելու գործին վրայ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ’աջակցի արձակազէններու հեռացման, ԵԱՀԿ-ի հետաքննութեան մեքանիզմը գործարկելու եւ Հայաստան-Ազրպէյճան միջազգային սահմանին ու շփման գիծի երկայնքով սարքերու տեղակայման նախաձեռնութիւններուն», ըսուած է Թիլըրսընի հաղորդագրութեան մէջ:
Թիլըրսըն. «Էրտողան Տակաւին Ներողութիւն Չէ Խնդրած
16 Մայիսի Ծեծկռտուքին Համար»
Անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն` 16 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ կատարած ծեծկռտուքին շուրջ ծաւալած քննարկումներուն` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտարարած է, թէ Էրտողան տակաւին ներողութիւն չէ խնդրած:
«Տը Արմինիըն Ուիքլի» կը հաղորդէ, որ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը տակաւին պէտք է խնդրէ Անգարայի թուրք թիկնապահները զրկել դիւանագիտական անձեռնմխելիութենէ:
Ըստ անոր, արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցով կ’աշխատի Արդարադատութեան նախարարութեան հետ եւ պիտի քննարկէ որեւէ հաւանական քայլ այս գործին ծիրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ 19 անձերու, ներառեալ Էրտողանի 16 թիկնապահներու մեղադրանք ներկայացուցած էին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ կատարուած վայրագութեան համար, երբ վերջիններս յարձակած եւ դաժան ծեծի ենթարկած էին խաղաղ ցոյց կատարողները:



