«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, թէ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ 3 հոկտեմբերին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտնած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելեն շրջան:
Ազրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ համանախագահները 6 հոկտեմբերին պիտի այցելեն Երեւան, իսկ 7 հոկտեմբերին` Ազրպէյճան:
«Համանախագահները պիտի այցելեն շրջան` քննարկելու նախագահներուն հանդիպումը: Նիւ Եորքի մէջ անոնք առաջարկած էին առարկայական եւ խելամիտ բանակցութիւններ վարել նախագահներու հանդիպումէն ետք` տագնապին լուծում մը գտնելու ջանքերը խթանելու համար», ըսած է Մամետեարով:



