«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Պաքուէն Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան վայրէջք կատարած է յատուկ թռիչք իրականացնող պելճիքական օդանաւ մը, որով Հայաստան հասած է Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը:
Լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան:



