Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Քուէարկէ ԵՏՄ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Հարցով Յանձնախումբ Ստեղծելու «Ելք»-ի Նախագիծին

October 4, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան` Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ) Հայաստանի դուրս գալու հարցին շուրջ քննարկման ժամանակ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ռուստամեանի կարծիքով` այն, ինչ որ «Ելք»-ը կ’առաջարկէ, այլ բան չէ, եթէ ոչ այն, որ Հայաստանը պէտք է կատարէ ռազմավարական նշանակութեան շրջադարձ:

«Ասիկա կը կատարուի փաստաթուղթով մը, որ շատ թերի է, որովհետեւ եթէ մենք շրջադարձի մասին կը խօսինք, իսկ ասիկա փաստացի շրջադարձ է, պէտք է համոզուինք, որ ատիկա կենսական անհրաժեշտութիւն է: Պէտք է անվտանգութեան չափանիշով նայինք, որուն թիւ մէկ անհրաժեշտութիւնը այսօր ունի Հայաստանը»,  յայտարարեց Ռուստամեան:

Պատգամաւորին համաձայն, անվտանգութիւնը ունի բոլոր բաղադրիչները` թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ միւս առումներով: «Այստեղ չըսուիր` եթէ մենք կտրենք այդ թելը, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր տնտեսութիւնը, չկայ այդպիսի վերլուծութիւն», ըսաւ ան:

Ռուստամեան նաեւ ընդգծեց, որ կը բացակայի ռազմական բաղադրիչը: «Եթէ զինուորական- արհեստագիտական աջակցութեան հաշուեկշիռը ներկայացուի` Հայաստանը ստացած է այս տարածքէն այսքան, այն տարածքէն գրեթէ 0, իսկ մենք կտրենք այդ թելը, ինչպէ՞ս պիտի լուծենք այդ դատարկ սիւնակը: Ասիկա գլխաւոր հարցերէն է, այսինքն` անվտանգութեան իմաստով որեւէ հիմնաւորում գոյութիւն չունի»,  շեշտեց պատգամաւորը:

Ռուստամեանի խօսքով` այս նախագիծին ՀՅԴ-ն դէմ պիտի քուէարկէ: «Մենք դէմ ենք եւ պիտի մերժենք: Նախ` ժամանակաւոր յանձնախումբի  ստեղծման համար ժամանակը սխալ ընտրուած է: Եւրոպական Միութիւնը ինքն իր վերաբերմունքը փոխած է` «կա՛մ, կա՛մ»-էն հրաժարած է եւ անցած «ե՛ւ, ե՛ւ»,-ի, եւ մենք հիմա արհեստական ձեւով կը սրենք «կա՛մ, կա՛մ»-ի հարցը ու կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ իշխանութիւնները անոր չեն համաձայնիր», ըսաւ Ռուստամեան:

 

 

 

Նախորդը

Աւստրալիոյ Մէջ ՀՅԴ-ի Երիտասարդները Արցախի Ազատ Ինքնորոշման Մասին Իրազեկող Արշաւի Սկսած Են

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Եւ Հան Քննարկած Են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համագործակցութեան Օրակարգը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.