ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 29 սեպտեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ, ապա մինչեւ 1 հոկտեմբեր շարունակուեցաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամ կազմակերպութիւններու 25 պատուիրակներու ճանաչողական այցելութիւնը Արցախ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան հրաւէրով Արցախի մէջ մէկտեղուած` աշխարհի 17 երկիրներու պատուիրակները, որոնք կը ներկայացնէին Պուլկարիան, Ուքրանիան, Մոլտովան, Պիելոռուսիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Հոլանտան, Աւստրիան, Ալպանիան, Փորթուգալը, Կիպրոսը, Միջին Արեւելքը (Լիբանան, Իսրայէլ, Պաղեստին), Միացեալ Նահանգները եւ Նոր Զելանտան:
Ծրագիրի երեւանեան օրակարգը կ՛ընդգրկէր հանդիպումներ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարչ Քոչարեանի հետ, իսկ արցախեան հանդիպումներու շարքը սկսաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ` նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:
Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ երիտասարդները հանդիպում ունեցան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան հետ, որմէ ետք Արցախի մէջ գործող չորս հասարակական կազմակերպութիւններու հետ:
Ճանաչողական այցելութիւնը կ՛ընդգրկէր նաեւ անգլիական «Հալօ թրասթ» մարդասիրական կազմակերպութեան ծրագիրներուն ծանօթացումը:
Ընկերվար երիտասարդները Շուշիի մէջ հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Գայեանէ Գէորգեանին հետ` ծանօթանալով Արցախի մշակութային քաղաքականութեան եւ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերուն: Շուշիի մէջ մասնակիցները այցելած են նաեւ մինչեւ այսօր կանգուն իրանական մզկիթը:
Ուսումնական այցելութեան եզրափակիչ օրը մասնակիցները այցելեցին Ստեփանակերտի «Թումօ» ստեղծարար կեդրոն, ծանօթացան կեդրոնի աշխատանքներուն եւ արցախցի նորարար երիտասարդներուն` ցոյց տալով Արցախի մտային ներուժը:
Արցախի Հանրապետութեան մշակութային ժառանգութեան ծանօթացումը, այդ շրջագիծին մէջ այցելութիւնները հայկական մշակոյթի ու տարածքի հայապատկանութեան առհաւատչեաներ հանդիսացող Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց եւ Քարվաճառի Դադիվանք վանքային համալիրներ, «Տատիկ Պապիկ»-ի յուշահամալիր, յաւելեալ անգամ ցոյց տուին Արցախի հայապատկանութեան անվիճարկելիութիւնը:
Մասնակիցները Արցախէն հեռացան տպաւորուած` Արցախի մասին դրական պատկերացում կազմելով, ինչպէս նաեւ վերադառնալու ակնկալիքով:
ՀՅԴ Երիտասարդականը` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ընդհանուր համակարգումով, այսուհետեւ ալ պիտի շարունակէ արտաքին-յարաբերական գործուն նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը, որ Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս աշխարհի վաղուան քաղաքական դերակատարներու շրջանակին մէջ պիտի բիւրեղացնէ արցախեան տագնապը, Հայ դատին, հայութեան առնչուող եւ յուզող հարցերու շուրջ առարկայական եւ փաստարկուած պատկերացումները:



