Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ժեմայէլ խորհուրդին ներկայացուց Սէուտական Արաբիա իր կատարած այցելութեան արդիւնքները` ընդգծելով, որ Ժետտայի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին հաստատած է Լիբանանի գերիշխանութեան եւ չէզոք կեցուածքին նկատմամբ իր վստահութիւնը` աւելցնելով իր յանձնառութիւնը արաբական եւ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները պահպանելու իմաստով:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երկրին քաղաքական իշխանութիւնը պատասխանատու կը նկատէ սուրիացի գաղթականներու տունդարձին գծով ամբողջական ծրագիր մը չմշակելու իմաստով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան համար առաջնահերթ է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` իրականացնելու համար Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը նկատէ, թէ Համրայի մէջ քաղաքական խմբաւորումի մը կատարած զինուորական ցուցադրութիւնը կը խախտէ լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը զգուշացուց նաեւ երկրին սահմանադրութիւնը խախտելէ` ընդգծելով իր մերժումը ժողովուրդին համեստ դասակարգին վրայ տուրք պարտադրելու քայլերուն:



