Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը առաւօտեան կանուխ ժամերուն ձերբակալած է Սայտայի մէջ կրակ բացող ոճրագործ Օմար Ահմետ Շահատէն, ինչպէս նաեւ Ապտել Հիւսէյն Սալեհը, պաղեստինցիներ Մուսթաֆա Շահատէն եւ եղբայրը` Ահմետ Շահատէն, Մահմուտ Ապու Ռաշետը, Իպրահիմ Ֆարրանը եւ Իյատ Ուեհպէն:
Հաղորդագրութեան համաձայն, ձերբակալեալներուն մօտ գտնուած են բջիջային հեռախօսներ, քամերաներ, ինչպէս նաեւ զէնք ու զինամթերք:
Նշենք, որ Սայտայի մէջ արձանագրուած կրակոցներուն պատճառով սպաննուած զոհեր Իպրահիմ Ժանզուրիի եւ Սրաժ Ասուատի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Ամիրի մզկիթին մէջ, մինչ բանակը իր շրջուն ջոկատներով Սայտայի մէջ խստացուց իր հսկողութիւնը:



