Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաքուի Մէջ Կարեւոր Նկատեց «Ղարաբաղի Ազատագրումը»

Սեպտեմբեր 29, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրեթթին Ճանիքլի Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ «շատ կարեւոր է Ազրպէյճանին մաս կազմող Ղարաբաղի ազատագրումը» եւ այդ տարածքները ուշ կամ կանուխ պիտի ազատագրուին հայկական բռնագրաւումէն»:

«Ազրպէյճանի ուժը` Թուրքիոյ ուժն է, Թուրքիոյ ուժը` Ազրպէյճանի ուժն է, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը դժուարին պահերուն օտար երկիրներէ զէնք գնելու հարցին մէջ բարդութիւններ ունեցած են, ատոր համար ալ մենք պարտաւոր ենք մէկտեղելու մեր ուժերը պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ», ըսած է Ճանիքլի` աւելցնելով, որ այդ համագործակցութիւնը խիստ կարեւոր է:

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը միշտ պէտք է իրարու աջակցին: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Պաքու այցելող Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրեթթին Ճանիքլի:

Ըստ անոր, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն միացեալ ռազմափորձերը պիտի շարունակուին նաեւ ապագային: «Մենք պատրաստ ենք բոլոր բնագաւառներուն մէջ աջակցելու Ազրպէյճանին: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը միասնական են, բոլորը պէտք է գիտնան ատիկա: Անհրաժեշտութեան պարագային մեր զինեալ ուժերը պատրաստ են ամէն ձեւով աջակցիլ իրարու», ըսած է ան:

Թուրք նախարարին համաձայն, երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ գոյութիւն ունի փոխըմբռնում:

«Ազրպէյճան եւ Թուրքիա եղբայրական պետութիւններ են: Մենք իրարու կարիքը ունինք: Ազրպէյճանի ժողովուրդին ցանկութիւնը մեզի համար հրաման է, մենք կը ձեռնարկենք անհրաժեշտ քայլերը», ըսած է ան:

Ըստ անոր, երկու երկիրները կը միաւորեն իրենց ջանքերը բոլոր բնագաւառներուն մէջ: «Մենք միասնաբար կը գործենք նաեւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ: Ազրպէյճան եւ Թուրքիա պէտք է զարգացնեն ազգային սպառազինութեան համակարգերը: Ատիկա կարեւոր է մեր հողերուն պաշտպանութեան տեսակէտէն», նշեց Ճանիքլի:

Ճանիքլի Պաքու ժամանած է մասնակցելու «ԹուրԱզ Քարթալի-2017» թուրք-ազրպէյճանական ռազմափորձերու փակման արարողութեան:

Շաւարշ Քոչարեան. «Թուրքիան Պէտք Է Հեռու Մնայ
Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Հանգուցալուծման Հոլովոյթէն»

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան պատասխանելով Ճանիքլիի յայտարարութիւններուն մասին «Արմէնփրես»-ի մէջ հարցումին ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման միջամտելու Թուրքիոյ վնասակար փորձերը թոյլ չեն տար յառաջընթաց արձանագրել տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ:

«Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիան վնասակար փորձեր կը կատարէ միջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մէջ: Նոյնինքն ատիկա այն պատճառներէն է, որ թոյլ չի տար հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրեց եւ նոյնինքն Անգարայի այս միակողմանի, ապակառուցողական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահներու դիրքորոշումներուն դէմ գացող մօտեցումին պատճառով է, որ Հայաստան միշտ կոչ ուղղած է Թուրքիոյ հեռու մնալու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հանգուցալուծման հոլովոյթէն»,  նշեց Շաւարշ Քոչարեան:

Նախորդը

«Քրտական Հանրաքուէն Լուրջ Հետեւանքներ Ունեցող Ռազմավարական Սխալ Էր» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Յաջորդը

«Վե՛րջ Շրջանին Մէջ «Լորանսեան» Խաղերուն» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները  Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու  Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Օգոստոս 19, 2025
Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Հայկական

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Օգոստոս 19, 2025
Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ,  Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»
Հայկական

Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ, Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?