Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ

October 31, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական ընտանիքը անցեալ շաբաթ մէկ քայլ եւս առաւ Հայաստանի քաղաքացիներուն առջեւ իր դռները բանալու ուղղութեամբ. Եւրոպական Միութեան անդամ տասը երկիրներ եւ պաշտօնական Երեւանը Լիւքսամպուրկի մէջ հռչակագիր մը ստորագրեցին` արտագաղթի մարզին մէջ համագործակցելու վերաբերեալ:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, օրէնքի պարտադիր ուժ չունեցող այս գործընկերութիւնը կարելիութիւն կու տայ կողմերուն միացեալ եւ աւելի լաւ կառավարել արտագաղթի հոսքերը, կանոնակարգել հայաստանցիներուն օրինական մուտքը Եւրոպական Միութիւն, ինչպէս նաեւ պայքարիլ անօրինական արտագաղթին դէմ` Եւրոպական Միութեան, Հայաստանի եւ գաղթողներուն շահերը պաշտպանելու նպատակով:

Նմանօրինակ փաստաթուղթ Եւրոպական Միութիւնը մինչեւ այսօր ստորագրած էր նախկին Խորհրդային Միութեան ընդամէնը երկու երկիրներու` Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ հետ: Փաստօրէն, երրորդը Հայաստանն է:

Նախքան հռչակագիրին ստորագրումը, Եւրոպական յանձնաժողովի ներքին գործերու յանձնակատար Սեսիլա Մալմսթրեոմ յայտարարեց, որ այս գործընկերութեան սկիզբը շատ կարեւոր յառաջընթաց քայլ մըն է Եւրոպայի եւ Հայաստանի քաղաքացիները մօտեցնելու ուղղութեամբ: Ըստ անոր, այս փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ յառաջիկային ստորագրուելիք այցեգիրերու դիւրացման եւ գաղթողներու ետդարձի եւ ընդունման մասին համաձայնագիրները շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին Եւրոպայի եւ Հայաստանի քաղաքացիներու տեղաշարժի կարելիութիւնները ընդլայնելու գործին մէջ:

Եւրոպական Միութեան ընդարձակման եւ եւրոպական դրացնութեան հարցերով յանձնակատար Օլի Ռէյն նաեւ բարձր գնահատեց գործընկերութեան մասին փաստաթուղթը: Ան ընդգծեց, որ այս համագործակցութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու պատրաստակամութիւնը` իրարու հետ աւելի համարկուելու գծով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր կարգին նշեց, որ այդ համարկումի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը մարդոց տեղաշարժի դիւրացումն է եւ Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներուն միջեւ յարաբերութեանց աշխուժացումը:

Նալբանդեան ընդգծեց, որ այս համագործակցութեան ծրագիրը պիտի նպաստէ օրինական տեղաշարժի աւելի լաւ կառավարման, պիտի խթանէ գաղթողներու վերահամարկումը եւ ետդարձի աւելի արդիւնաւէտ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի կանխէ եւ պայքարի չկանոնակարգուած արտագաղթի եւ մարդոց վաճառքին դէմ:

 

 

Նախորդը

ՔՈՆՏՈԼԻԶԱ ՌԱՅՍ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ԴԷՄ ԻՐ ՏԱՐԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Կ՛ԱՓՍՈՍԱՅ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.