Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 26 սեպտեմբերին ընդունած է Իրաքի գիւղատնտեսութեան նախարար, Հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ Ֆալահ Հասան Զէյտան Լահիպին:
Հանդիպման սկիզբը նախագահ Սարգսեան Իրաքի նախագահին եւ վարչապետին փոխանցած է իր ողջոյնները` վստահեցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Հայաստան եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ Իրաքի կողքին: «Հայ ժողովուրդը,- ըստ հանրապետութեան նախագահին,- չէ մոռցած, որ շուրջ հարիւր տարի առաջ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած իր բազմաթիւ զաւակներուն Իրաք սիրով ապաստան տուած է: Այժմ, երբ համաշխարհային այդ չարիքը կ՛ոչնչացնէ Իրաքի եւ այդ երկրին մէջ մեր հայրենակիցներուն ստեղծած բարիքը, Հայաստան չի կրնար անտարբեր գտնուիլ»: Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ Իրաքի իշխանութիւնները կը յաջողին մօտիկ ապագային երկիրը ազատագրել ահաբեկիչներէն եւ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատել Իրաքի մէջ:
Իրաքի գիւղատնտեսութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցած է իր երկրի նախագահին ու վարչապետին փոխադարձ ողջոյնները` ընդգծելով, որ անոնք Հայաստանին եւ բարեկամ հայ ժողովուրդին կը մաղթեն յարատեւ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ զարգացում:
Նախարար Ֆալահ Հասան Զէյտան Լահիպի վստահեցուցած է, որ Իրաք հետաքրքրուած է աւելի խորացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւ նշած, որ իր այցելութիւնը բաւական լաւ սկիզբ կրնայ ըլլալ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները կենսագործելու համար, որուն շնորհիւ մեծապէս պիտի աւելնան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Իրաքի գիւղատնտեսութեան նախարարը կարեւոր նկատած են միջկառավարական յանձնախումբին աշխատանքը, որուն ծիրին մէջ ստորագրուած շարք մը փաստաթուղթեր` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բնագաւառներուն մէջ (գիւղատնտեսութիւն, ուժանիւթ, առեւտուր, կրթութիւն, զբօսաշրջութիւն եւ այլն) կարելիութիւն պիտի տան զարգացնելու համագործակցութիւնը եւ առկայ ներուժը օգտագործելու ի շահ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն:
Ֆալահ Հասան Զէյտան Լահիպիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ: Վարչապետը կարեւոր նկատած է Իրաքի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ վստահութիւն յայտնած, որ Հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնախումբի նիստը պիտի նպաստէ երկկողմանի կապերու սերտացման ու ամրապնդման: Կարէն Կարապետեան հեռանկարային նկատած է գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութիւնը:
«Մենք պէտք է առաւելագոյն քայլերու ձեռնարկենք` երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու աճ ապահովելու համար, քանի որ ատոր համար մեծ ներուժ ունինք», դիտել տուած է վարչապետը` կարեւոր նկատելով միջկառավարական յանձնախումբի աշխուժ աշխատանքն ու առեւտրական պալատներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան սերտացումը:
Ֆալահ Հասան Զէյտան Լահիպին ընդգծած է, որ պատրաստ են ամէն ինչ ընելու` նիստին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու համար, ինչ որ, ըստ անոր թոյլ պիտի տայ կտրուկ աւելցնելու երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները:
«Մենք շահագրգռուած ենք ներմուծել հայկական մրցունակ եւ որակեալ գիւղատնտեսական եւ այլ ապրանքներ: Իրաքը ունի ելեկտրականութեան պակաս, եւ մենք կրնանք քննարկել նաեւ Հայաստանի մէջ արտադրուող ելեկտրականութեան արտածման հարցը», աւելցուցած է իրաքեան կողմի համանախագահը: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութիւնն ու իրաքցի ուսանողներուն` հայաստանեան համալսարաններուն մէջ ուսում ստանալու համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման հարցը: Այդ առումով Ֆալահ Հասան Զէյտան Լահիպի անհրաժեշտ նկատած է սերտել մուտքի արտօնագիրի դրութեան դիւրացման կարելիութիւնները:
Նոյն օրը Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար, Հայ-իրաքեան յանձնախումբի համանախագահ Դաւիթ Լոքեան եւ Իրաքի գիւղատնտեսութեան նախարար, յանձնախումբի իրաքեան համանախագահ Ֆալահ Հասան Զէյտան Լահիպի ստորագրած են տնտեսական, առեւտրական, գիտական եւ թեքնիք հարցերով հայ-իրաքեան յանձնախումբի 4-րդ նիստի միացեալ արձանագրութիւնը:
Կողմերը համաձայնած են, որ կարեւոր է ստեղծել նոր պայմաններ` նպատակ ունենալով երկկողմանի համագործակցութիւնը բարձրացնել նոր մակարդակի: Յանձնախումբի համանախագահները յայտարարած են, որ երկկողմանի համագործակցութեան բնագաւառները բազմաթիւ են` առեւտրաշրջանառութիւն, ներդրումներ, դրամատնային եւ նաւթային համակարգ, գիւղատնտեսութիւն, զբօսաշրջութիւն, մշակութային, ուժանիւթի, կրթական, առողջապահական, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, երիտասարդութեան, դիւանագիտութեան եւ այլն: Ընդգծուած է յատկապէս Հայաստանէն Իրաք ցամաքի ճամբով բեռնափոխադրումներու կազմակերպման հարցը: Կողմերը համաձայնած են խրախուսել երկու երկիրներու գործարարները` ստեղծելով միացեալ ձեռնարկութիւններ ներդրումներու բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Նախարար Դ. Լոքեանի համաձայն, երկօրեայ նիստին ընթացքին ճշդուած են այնպիսի առանձնայատուկ ուղղութիւններ, որոնք հետագայ աշխատանքին ընթացքին յստակ արդիւնք պիտի ապահովեն: Ըստ անոր, Հայաստան-Իրաք յարաբերութիւններու դաշտը խիստ փոխշահաւէտ է: Կարողութիւններ, կարելիութիւններ կան իւրաքանչիւր երկրի մէջ, եւ մեր խումբին վստահուած է այդ խնդիրը լուծել, ու մենք պարտաւոր ենք զայն իրականացնել:
Ֆալահ Հասան Զէյտան Լահիպի եւս կարեւոր նկատած է համաձայնագիրներն ու յոյս յայտնած, որ անոնք իրենց դրական անդրադարձը կ՛ունենան երկու երկիրներու կապերու ու համագործակցութեան ընդլայնման առումով:



