Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ երէկ կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմարդիւնաբերական յանձնախումբի նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ «Հայաստանի ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման պետական ծրագիրը հաստատելու մասին» նախագահի հրամանագիրին նախագիծը:
Վարչապետը նշեց, որ նախագիծը իր տեսակին մէջ առաջինն է նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունի մեր երկրի ռազմական անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ:
Նախագիծը յանձնախումբի անդամներուն քննարկման ներկայացուց պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, ռազմարդիւնաբերական պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեան:



