Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբլոյեան. «Հայաստանը Վրաստանէն Կ՛ակնկալէ Հաւասարակշռուած Դիրքորոշում` Արցախի Հարցով»

September 27, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան Թիֆլիս կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի հետ:

Ան հաստատած է, որ Հայաստան մեծապէս կ՛արժեւորէ Վրաստանի դերակատարութիւնը Հարաւային Կովկասի շրջանային անվտանգութեան հարցերուն մէջ եւ կ՛ակնկալէ, որ Վրաստան հաւասարակշռուած դիրքորոշում որդեգրէ արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ: «Մեր պատկերացումով, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: Ըլլալով մարդու իրաւունքներու խնդիր, անիկա կրնայ լուծուիլ միայն Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման միջոցով», շեշտած է Բաբլոյեան:

Ան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած սպառազինութիւններու մրցավազքը լուրջ վտանգ է շրջանի բոլոր երկիրներուն համար:

Վրաստանի նախագահը իր կարգին ըսած է. «Մեր եղբայրական սիրտը կը ցաւի ազրպէյճանական-հայկական տագնապին համար: Մէկ բան հաստատ է, որ մեր` փոքր ազգերուս համար այդպիսի տագնապներ կրնան կործանարար ըլլալ: Մենք կ՛աղօթենք շրջանի խաղաղութեան համար», յայտարարած է ան:

Կիորկի Մարկվելաշվիլի շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին` Վրաստանի մէջ պատահած հրդեհներուն ատեն ցուցաբերած աջակցութեան համար, ափսոսանք յայտնելով, որ այդպիսի աղէտներ եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ:

Խօսելով վրացական-հայկական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մասին` Վրաստանի նախագահը մասնաւորաբար նշած է, որ արդէն 25 տարիէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթացը ակնյայտ է, եւ Վրաստան միշտ պատրաստ է Հայաստանի հետ քննարկելու որեւէ հարց եւ աւելի եւս զարգացնելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Այցելութեան ծիրին մէջ Արա Բաբլոյեան հանդիպում ունեցած է նաեւ  Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ` դիտել տալով, որ Հայաստանն ու Վրաստանը միջազգային համարկման տարբեր ուղիներ ընտրած են, սակայն ատիկա չի կրնար խոչընդոտ հանդիսանալ երկու երկիրներու գործակցութեան զարգացման համար: «Անիկա կրնայ յաւելել ու դրական ազդեցութիւն ունենալ ո՛չ միայն տնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման, այլ նաեւ շրջանային համագործակցութեան առաւել ընդլայնման համար», շեշտած է ան:

Արա Բաբլոյեան ըսած է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի ու Վրաստանի միջեւ ձեւաւորուած են տնտեսական գործընկերութեան յստակ ուղղութիւններ, որոնք յատկապէս կը ներառեն փոխադրութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսական ապրանքներու վերամշակման բնագաւառները: Ան ընդգծած է ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը` իբրեւ լաւ օրինակ նշելով Աճարիոյ եւ Լոռիի մարզին միջեւ կապերը: Այնուամենայնիւ, Բաբլոյեան արձանագրած է, որ առեւտրատնտեսական ներուժը ամբողջութեամբ չ՛օգտագործուիր:

Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր նկատած է Վերին Լարս սահմանային անցակէտի անխափան գործունէութիւնը, որ յատկապէս այս ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսական ապրանքներու արտահանման հիմնական եւ առաւել նախընտրելի ճամբան է:

Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի գոհունակութեամբ խօսած է վրացական-հայկական կայուն զարգացող յարաբերութիւններուն մասին` միաժամանակ նշելով, որ առկայ 400 միլիոն տոլար կազմող առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները անհրաժեշտ է աւելցնել: Երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման համար առաւել կարեւոր բնագաւառներէն ան յատկապէս առանձնացուցած է զբօսաշրջութիւնը: Ըստ Վրաստանի վարչապետին, նկատի առնելով երկու երկիրներուն հարուստ պատմամշակութային ժառանգութիւնը` անհրաժեշտ է պատրաստել զբօսաշրջային միացեալ փաթեթներ:

Ան հաստատած է, որ Վրաստանը բաց է բարեկամ Հայաստանի հետ քննարկելու համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները տարբեր բնագաւառներու մէջ:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Մէջ. «Լիբանան Այլեւս Կարողութիւն Չունի Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հետեւանքները Հանդուրժելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Անկախ Հայաստանի Պատմութեան Մէջ Իր Տեսակին Մէջ Առաջին Նախագիծը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.