Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան-Մամետեարով Հանդիպումին Քննարկուած Է Նախագահներուն Հանդիպման Նախապատրաստութիւնը

September 25, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը` ներկայութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ  Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի:

Անկէ ետք համանախագահները հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած են: «Խորհրդակցութիւններուն հիմնական նպատակը տագնապի գօտիին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը քննարկելն էր, բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման ուղիներ գտնելը եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում նախապատրաստելը:

«Կ’ակնկալենք, որ այս հանդիպումը նպաստէ կողմերուն միջեւ վստահութեան աճին, եւ անոնք քաղաքական կամք դրսեւորեն` խնդիրի առանցքային հարցերու փոխզիջումային լուծումներ գտնելու համար: Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատելու համանախագահներուն հետ` մօտիկ ապագային արդիւնաւէտ հանդիպում կազմակերպելու համար:

«Համանախագահները կը ծրագրեն հոկտեմբերին շրջան այցելել»:

Երկու նախարարներուն հանդիպման նախորդած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահներուն հետ նախարարներու առանձին-առանձին հանդիպումները: Նախարար Նալբանդեանի հետ հանդիպումին ան շնորհաւորած է Միացեալ Նահանգներու նոր համանախագահը` պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, ընդգծելով համանախագահութեան կարեւոր առաքելութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման հասնելու իմաստով: Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են ղարաբաղեան տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու տարբերակը յառաջ տանելու նպաստող պայմաններ ստեղծելու առնչութեամբ:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Էդուարդ Նալբանդեանին Ներկայացուցած Է Ահաբեկչութեան Դէմ Սուրիոյ Պայքարը

Յաջորդը

Խմբագրական. Հայ Մարդուժի Գլխաւոր Արտադրամասը` Դէպի Աղբիւրը Լոյսին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.