 Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի եւ Արաբական թենիսի ֆետերասիոններուն, այսօր` շաբաթ, 23 սեպտեմբերին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ (Քասլիք) կը սկսի «Այ. Թի. Էֆ.»-ի միջազգային մրցաշարքը, որ կ՛աւարտի 1 հոկտեմբերին:

Այս մրցաշարքին աւարտէն օր մը ետք միայն, կը սկսի միջազգային այլ մրցաշարք մը, որ իր աւարտին կը հասնի 8 հոկտեմբերին:
Մրցաշարքերուն մրցանակային գումարն է 30 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Անոնց պիտի մասնակցին միջազգային անուանի մարզիկներ` Եւրոպայէն եւ արաբական աշխարհէն:
Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդելու իմաստով, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» իր կեդրոնատեղիին մէջ տուաւ յատուկ ասուլիս մը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու: