 21 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է տօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ուղերձ յղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումը նկատած է իրականացումը մեր վաղեմի երազին եւ պսակումը այն տեւական ու հերոսական պայքարին, զոր մղած էին հայորդիներու բազում սերունդներ:

Ըստ անոր, 26 տարուան ընթացքին շատ բաներ կատարուած են, սակայն կարելի էր շատ աւելին ընել. «Բայց մեր ընթացքը եղած է ճիշդ ուղղութեամբ: Այսօր ալ մենք ճիշդ ուղիին վրայ ենք»:
 Նախագահը անդրադարձած է այն իրողութեան, որ այսօր աշխարհը լարուածութիւն կ՛ապրի, բազում հարցեր կան, նաեւ` Հայաստանի մէջ, սակայն շեշտած է, որ պէտք չէ յուսալքուիլ, այլ ըլլալ լաւատես` հաւատալով «մեր ժողովուրդի հաւաքական ունակութեան»: Ան յիշած է լաւատեսութիւն ներշնչող ազդակները` շեշտելով, որ պէտք է զարգացում ապրիլ այն բնագաւառներուն մէջ, ուր կայ թերացում կամ ուշացում` աւելցնելով, որ այս չի նշանակեր, որ շուտով կարելի է այս բացերը փակել, այլ պէտք է հետեւողական աշխատանք տանիլ:

Շեշտելով, որ անվտանգութեան հարցը թիւ մէկ խնդիր է, Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Անցնող 26 տարիները ցոյց տուած են, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները կենսունակ են եւ պաշտպանունակ: Ցոյց տուած են, որ սին էին այն հեքիաթները, որոնց համաձայն, իբրեւ թէ շրջափակուած Հայաստանը դատապարտուած է ձախողութեան, իսկ նաւթակազային Ազրպէյճանը անպայման պիտի հասնի մեծ յաջողութեան: Աւելի՛ն, մեզ կը փորձեն համոզել, թէ իբրեւ թէ Ազրպէյճանի տնտեսական յաջողութիւնները գրաւական պիտի ըլլային Արցախի եւ Հայաստանի ոչնչացման:
Քարոզչական եւ քաղաքական առասպելներու ամէնէն դաժան, բայց արդարացի թշնամին իրականութիւնն է: Իսկ իրականութիւնը ազատ եւ զարգացող, օրէ օր ամրացող ու շէնացող հայկական երկու պետութիւններն են», շեշտած է հանրապետութեան նախագահը:
Եզրափակելով իր խօսքը` ան ըսած է, որ 1991 թուականի 21 սեպտեմբերին մեր ժողովուրդը քուէարկեց անկախ ու ժողովրդավարական Հայաստանի օգտին: «Նման քուէարկութիւն կը կատարէ այն քաղաքացին, որ լաւատես է եւ վստահ իր ուժերուն:
Համոզուած եմ, որ մեր երկրի անկախութեան յաջորդ քսանվեց տարիներուն մենք պիտի շարունակենք յառաջ ընթանալ` աւելի մեծ լաւատեսութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ»: