Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, որ փինկ փոնկի արաբական ակումբներու 29-րդ ախոյեանութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահն է, յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ այս մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարարներուն` Ժոզեֆ Աքիքիի (իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ) եւ շարք մը այլ իրաւարարներու հետ` քննարկելու համար այս ախոյեանութեան հետ առնչուող հարցեր:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7-12 նոյեմբերին, Ղազիրի դաշտին վրայ` հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի եւ հսկողութեամբ փինկ փոնկի արաբական ֆետերասիոնին:
Այս հանդիպում-ժողովները յառաջիկային պիտի կրկնուին:
Լիբանան իններորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ այս ախոյեանութիւնը:
Մայրիներու երկիրը 2010-ին հանդիսացաւ ախոյեան:


