Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 սեպտեմբերին ընդունած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հայ երեսփոխանը` կարեւոր նկատելով համահայկական օրակարգի խնդիրներու քննարկման նուիրուած համաժողովին անոր մասնակցութիւնը եւ այդ խնդիրներու լուծման իր նպաստը բերելու պատրաստակամութիւնը:
Կարօ Փայլան նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած է Թուրքիոյ հայ համայնքին ներկայ իրավիճակը, նախագահ Սարգսեանին հետ զրուցած է համայնքային կեանքին առնչուող հարցերուն մասին, որոնց հայ երեսփոխանը կ՛անդրադառնայ նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:
Նոյն օրը Հայաստանի նախագահը ընդունած է նաեւ ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Տէյվիտ Վալատաօ, Ճեքի Սփայըր եւ Ֆրանք Փալոն, քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Թալսի Կապարտ եւ Ճէյմս Սենսենպրենըր:
Նշելով, որ Քոնկրեսի երկկուսակցական պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման առումով Հայաստան աջակիցներ եւ բարեկամներ ունի թէ՛ հանրապետականներու եւ թէ՛ դեմոկրատականներու շարքերուն մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդանշական նկատած է այն, որ քոնկրեսականները Հայաստան կ՛այցելեն երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յոբելենական` 25-րդ տարուան ընթացքին:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ անկախութեան յաջորդող 26 տարիներուն ընթացքին Հայաստան զգալի ձեռքբերումներու հասած է տարբեր բնագաւառներու մէջ, ինչ որ կարելի եղած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան շնորհիւ: Նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է բարեկամ Միացեալ Նահանգներուն` Հայաստանի անկախ պետականութեան ամրապնդման ու զարգացման վերաբերող այդ օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ այն կարեւոր դերակատարութեան համար, զոր Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, ունի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ:
Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներուն եւ յատկապէս Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն` այն հսկայական աշխատանքին համար, զոր տարիներէ ի վեր անոնք կը կատարեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ:
Քոնկրեսականները իրենց կարգին նշած են, որ ուրախ են անկախութեան տօնին օրը Հայաստան գտնուելնուն եւ տօնը հայ ժողովուրդին հետ միասին նշելու կարելիութեան համար: Հանդիպման ներկայ քոնկրեսականներէն անոնք, որոնք առիթ ունեցած են անկախութեան առաջին տարիներուն Հայաստան գտնուելու, հաստատած են, որ երկրին մէջ զգալի փոփոխութիւններ արձանագրուած են, եւ դրական ընթացքը ակնառու է:
Քոնկրեսականները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են` ջանքեր ի գործ դնելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու հետագայ ընդլայնման եւ խորացման ուղղութեամբ: Անոնք նաեւ իրենց տպաւորութիւնները կիսած են հանրապետութեան նախագահին հետ Արցախ կատարած իրենց այցելութենէն` նշելով, որ տպաւորուած են Արցախի ժողովրդավարական յառաջընթացով:


