Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սվիթալսքի. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպայի Անքակտելի Մասն Է»

September 23, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը հիմա սկսած է կատարել քննարկումներ եւ գործողութիւններ, որոնք շատ լաւ կ՛ընդգծեն անոր ապագայ ձեւը, եւ ասիկա կարեւոր է նաեւ Հայաստանի համար: Այս մասին երէկ «Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան բնորդ 2017» երիտասարդական խորհրդաժողովին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի:

Դեսպանին համաձայն, Եւրոպական Միութեան նոր քաղաքականութեան մէջ շատ աւելի մեծ տեղ յատկացուած է դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն: Ըստ անոր, ուքրանական ճգնաժամի լոյսին տակ, Եւրոպական Միութիւնը կը գիտակցի, թէ իրեն համար որքա՛ն կարեւոր է դրացնութիւնը:

«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ իր սահմաններուն կողքին կառուցել բարգաւաճման գօտի: Եւրոպական Միութիւնը ոչ մէկ թաքնուած օրակարգ ունի, պարզապէս կ՛ուզէ, որ իր յարակից երկիրները դիմակայեն իրենց առջեւ կանգնած խնդիրները եւ զարգանան: Հայաստանը Եւրոպական Միութեան հետ սահման չունի, սակայն ասիկա կը վերաբերի նաեւ Հայաստանին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպայի անքակտելի մասերէն է, եւ մենք կ՛ուզենք այս շրջանին մէջ շատ աշխուժ քաղաքականութիւն վարել: Այս է Եւրոպական Միութեան տեսակէտը», նշեց Սվիթալսքի:

Ըստ անոր, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները այժմ երկկողմանի են, ոչ թէ բազմակողմանի: Եւ շրջանակային համաձայնագիրը, որ նախատեսուած է ստորագրել այս աշնան, նոյնպէս կը վերաբերի երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

«Յոյսով եմ, որ ապագային Հայաստանը Եւրոպական Միութիւնը պիտի նկատէ իբրեւ ամբողջական յարաբերութիւններու մաս` Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու հետ առանձին յարաբերութիւններուն մէջ: Կը կարծեմ` Հայաստանի համար կարեւոր է, որ Եւրոպական Միութիւնը չնկատուի պարզապէս միջազգային կազմակերպութիւն, անհրաժեշտ է Եւրոպական Միութիւնը նկատել իբրեւ կարեւոր գործօն», ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններուն, դեսպանը նշեց, որ այդ ներուժը շատ հեռու է ամբողջովին օգտագործուած ըլլալէ, թէեւ Հայաստանի արտաքին առեւտուրի ծաւալներուն մասով Եւրոպական Միութիւնը առաջին տեղը կը գրաւէ:

Խօսելով «Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան բնորդ 2017» խորհրդաժողովի մասին` Սվիթալսքի նկատեց, որ ասիկա շատ լաւ կարելիութիւն է Հայաստանի եւ Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները քննարկելու, խնդիրներու լուծման եւրոպական մօտեցումներով հասնելու համար:

«Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան վերաբերեալ որոշակի իրազեկուածութեան պակաս կայ: Այստեղ լաւ չեն գիտեր, թէ Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՛ս կը գործէ, ո՛րն է այն ազդեցութիւնը, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ունենայ իր անդամ պետութիւններուն վրայ: Հայաստանը հիմա կարելիութիւն չունի միանալու Եւրոպական Միութեան, Հայաստանը նոյնիսկ ընկերակցութեան ուղիի վրայ ալ չէ, սակայն, այնուամենայնիւ, շատ կարեւոր է գիտնալ, թէ Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՛ս կը գործէ: Եւրոպական Միութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ զգալի է` դրական իմաստով», ըսաւ ան:

Դեսպանին համոզումով` Հայաստանի համար կենսական է, որ Եւրոպական Միութիւնը ուժեղ ըլլայ: Ան կը խոստովանի, որ վերջին տարիները Եւրոպական Միութեան համար դժուար եղած են` գաղթականներու ճգնաժամ, «Պրեքզիթ», Ուքրանիոյ ճգնաժամ, սակայն համոզուած է Եւրոպական Միութեան լաւ ապագայով:

«Ասոնք բաւական լուրջ հարուածներ էին` Եւրոպական Միութեան ուղղուած, սակայն ես կը հաւատամ, որ այդպիսի օրերը աւարտած են, եւ Եւրոպական Միութիւնը վերադարձած է իր աշխուժ զարգացման ուղիին: Եւրոպական Միութեան յառաջատար երկիրներուն մէջ այս տարուան տնտեսական ցուցանիշները ոգեշնչող էին: Դրական կողմերէն մէկը նաեւ այն է, որ եւրոպական ոգին ամուր նստած է երիտասարդ սերունդներուն մէջ», նշեց Սվիթալսքի:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Կարօ Փայլանն Ու Ամերիկացի Քոնկրեսականները

Յաջորդը

Արցախ Այցելած Երեք Քոնկրեսականները` Ազրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»-ին Մէջ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.