18 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հաստատեց, որ Հայաստան գալու փափաք ունին ո՛չ միայն լիբանանահայերը, այլ նաեւ արաբ քրիստոնեաները` դիտել տալով նաեւ, որ վերջին տարուան ընթացքին մեծապէս աճած է նաեւ Հայաստանէն Լիբանան եկող զբօսաշրջիկներուն թիւը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց նախորդող տասը ամիսներուն ընթացքին` իբրեւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար, իր ձեռք բերած փորձառութիւնը ծառայեցնելու նաեւ Հայաստանին:
Ըստ Կիտանեանին, Հայաստան զբօսաշրջիկին համար ունի տարբեր հետաքրքրութիւններ գոհացնող կարելիութիւններ` մշակութային, կրօնական, բնութեան վերաբերող եւ այլն: Ան շեշտեց, որ արաբ քրիստոնեաներուն համար առանձնայատուկ հետաքրրքրութեան առարկայ է Հայաստանի քրիստոնէական ժառանգութիւնը` դիտել տալով, որ պէտք է աշխատանք տանիլ Հայաստանի ճանաչելիութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ գործել այնպէս, որ Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը միայն ամրան եղանակով չսահմանափակուի, այլ նաեւ տարածուի ամբողջ 12 ամիսներուն վրայ, մանաւանդ որ ձմրան շրջանին եւս Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկները շատ հետաքրքրական մարզաձեւեր կրնան կիրարկել: Կիտանեան շեշտեց, որ եթէ լուրջ աշխատանք տարուի, այն ատեն զբօսաշրջութիւնը կրնայ դառնալ Հայաստանի տնտեսութեան կարեւորագոյն յենարաններէն մէկը` այսպիսով աշխատանքային լայն կարելիութիւններ ստեղծելով նաեւ քաղաքացիներուն եւ տարբեր հեռաւոր շրջաններու բնակիչներուն համար, ինչպէս նաեւ` ներդրումներու առիթներ:
Աւետիս Կիտանեան անհրաժեշտ նկատեց Հայաստանի մէջ եւս զբօսաշրջութեան նախարարութիւն ունենալ, որպէսզի համապատասխան գործունէութիւն տարուի:
«Արտասահմանեան երկիրներուն, յատկապէս արաբական երկիրներուն մէջ մարդիկ քիչ տեղեկութիւն ունին Հայաստանի մասին, մանաւանդ անոր ունեցած զանազան կարելիութիւններուն, օրինակ` բժշկական: Այս առումով աշխատանքի կարիք կայ, որովհետեւ որակեալ բժշկութիւնը բոլոր արաբական երկիրներուն մէջ չէ, որ հասանելի է, նաեւ աւելի սուղ է, քան Հայաստանի պարագային: Հայաստանի մէջ գինի եւ որակի յարաբերակցութիւնը կրնայ մեծապէս գրաւել զանոնք», յայտնեց Կիտանեան` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է քարոզչութիւն կատարել, տեղեկատուութիւն փոխանցել, որպէսզի մարդիկ գիտնան, թէ ի՛նչ կարելիութիւններ կան Հայաստանի մէջ: Ըստ անոր, պէտք է զբօսաշրջութեան ընկերութիւններու, գրասենեակներու հետ աշխատանք տանիլ այս բոլորը տարբեր երկիրներու բնակիչներուն հասանելի դարձնելու համար:


