Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներէն մէկուն մուտքին մօտ խումբ մը թուրք ազգայնականներ քարերով յարձակած են եկեղեցիէն դուրս եկող հայերու դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը:
Լրատուամիջոցներուն այս մասին յայտնած է պոլսահայ գործիչ Երուանդ Էօզուզունը` Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Սելինա Տողանի հայրը:
Պոլսոյ Ս. Յովհաննէս հայկական եկեղեցւոյ մուտքին մօտ քարկոծուած պոլսահայերը եկեղեցի եկած էին Խաչվերացի տօնին առիթով երեկոյեան կազմակերպուած պատարագին: Յայտնի է, որ դրան մօտ սպասած ազգայնականները քարեր նետած են հայերուն վրայ եւ բացագանչած. «Մա՛հ ձեզի»:
«Սովորաբար կիրակնօրեայ պատարագներու ժամանակ մինչեւ պատարագի աւարտը հայկական եկեղեցիներու մուտքին մօտ անվտանգութեան ուժերը պահակութիւն կ՛ընեն: Պետութեան պարտականութիւնն է ապահովել քաղաքացիի անձին եւ ունեցուածքին անվտանգութիւնը: Ասիկա մեզ կ՛ուրախացնէ` ինչ խօսք: Սակայն այլ հարց, թէ ինչո՛ւ իրավիճակը այնպիսին է, որ առանց ոստիկանի պահակութեան մեր իսկ հողերուն վրայ չենք կրնար հանգիստ սրտով եկեղեցական պատարագ ընել», «Արթիկերեճեք»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է Էօզուզուն:


