Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ 5-ՐԴ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 4-ՐԴ ՆԻՍՏ

October 29, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիստէն պահ մը

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի նախագահութեամբ երէկ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նիստերու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովի համակարգող խորհուրդի չորրորդ նիստը: Անոր կը մասնակցէին «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տ. Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Ն. Մարտիրոսեան, «anews.am» լրատուական կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Ա. Աւետիսեան, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Հ. Զօրեան եւ ուրիշներ: Համակարգող խորհուրդի նիստին կը մասնակցէին նաեւ Ռուսիայէն «Նոյեւ Քովչեկ» թերթի հիմնադիր-խմբագիր Գ. Անիսոնեան եւ Ֆրանսայէն «Նոր Յառաջ» թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ողջունեց ներկաները` կարճ անդրադարձ մը կատարելով 2010-ին Լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովին եւ 2011-ին Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովին ընթացքին զանգուածային լրատուամիջոցներուն առնչուած խնդիրներուն:

Օրակարգի առաջին հարցին վերաբերեալ զեկուցեց «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան հաշուետուութիւն ներկայացուց 2011-ին համակարգող խորհուրդին կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն մասին:

Գանտահարեանի խօսքին յաջորդեցին քննարկումները, որոնց մէջ շեշտուեցան տարբեր լեզուներով հայանպաստ հրապարակումներուն բացակայութիւնը, օտարալեզու մամուլին մէջ գործող լրագրողները Հայաստան հրաւիրելու անհրաժեշտութիւնը, տեղեկատուութեան թարգմանական խնդիրները, մայրենի լեզուի ուսուցման անհրաժեշտութիւնը եւ այլն:

Օրակարգին երկրորդ հարցը ներկայացուց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժանմունքի պետ Ն. Նալբանդեան: Ան ներկայացուց Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովին եւ 2010-ին Լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովին ընթացքին հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներու լեզուին եւ մատուցման ձեւին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ վերջին տասնամեակներուն հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ անընդհատ վատթարացող խօսքի եւ լրագրական բարոյագիտութեան խախտումները:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարը ամփոփեց նիստն ու դրուած հարցերը եւ անդրադարձաւ օրակարգի երրորդ հարցին` 2012-ին տեղի ունենալիք Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ օրակարգի ձեւաւորման մասին:

Նախարարին առաջարկով 2012-ին տեղի ունենալիք Լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովը պիտի ընթանայ «Հայ լրագրութիւնը ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրին ներքեւ: Համաժողովը պիտի կազմակերպուի Երեւանի մէջ 19-20 սեպտեմբեր 2012-ին: Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի հիմքով «Սփիւռքի ամառնային համալսարան»ի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի ունենայ 5 բաժանմունքներ` երիտասարդ լրագրողներու, երիտասարդ առաջնորդներու, ուսուցիչներու վերաորակաւորման, մշակութային եւ մայրենի լեզուի արագացուած ուսուցման:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նիստի մասնակիցներուն յորդորեց գործնականի անցնիլ:

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆԷՆ ՍՏԱՑԱՒ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Յաջորդը

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԽՆԴԻՐՆ Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.