Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ապահովեց 1-8-րդ հանգրուանի իր տոմսը` թայ-պրէյքով յաղթելէ ետք ռուս Մաքսիմ Մաթլաքովին, 5-3 արդիւնքով:
5+3 վայրկեան խաղաժամանակով մրցումներուն ալ յաղթեց Արոնեան` 2-0 արդիւնքով:
Արոնեան 10+10 վայրկեան մրցումներուն չէր կրցած յաղթել` նախքան թայ-պրէյքի մրցումները:
Յաջորդ հանգրուանին, Արոնեան իր դէմ պիտի ունենայ այլ ռուս մը` Վլատիսլաւ Տուպովը:
Աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն, Գ. հանգրուանին 1,5-0,5 արդիւնքով պարտուելով Պու Սիանցիէն (Չինաստան) դուրս մնաց մրցաշարքէն: