Լոնտոնեան Քրիսթալ Փալասի մարզիչ Ֆրանք տը Պէօր կորսնցուց իր պաշտօնը` իր կազմին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Ակումբին պատասխանատուները որոշեցին պաշտօնանկ ընել 47 տարեկան հոլանտացին` նկատի ունենալով, որ խումբը «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին չորս մրցումներուն բոլորին ալ պարտութիւն կրեց եւ ցարդ ոչ մէկ կոլ յաջողեցաւ նշանակել` իր բերդին մէջ ստանալով 7 կոլ:
«Սքայ-Սփորթց»-ի համաձայն, անոր պաշտօնը վստահուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ռոյ Հոճսընին, որ Եուրօ-2016-էն ի վեր կը մնար անգործ: