Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ ամերիկացի դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտի Դամասկոս վերադառնալու թուականը տակաւին յստակ չէ: Պաշտօնատարը սուրիական կառավարութենէն պահանջեց երաշխաւորել, որ դեսպանը պիտի արժանանայ միջազգային դիւանագիտական համաձայնութեանց հիմամբ կառավարութեան ապահովական պաշտպանութեան:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նոլընտի` այս հարցով կատարած յայտարարութիւնը պարզապէս կը հաստատէ դեսպանին վերադառնալու մտադրութիւնը, սակայն ատոր համար ճշգրիտ թուական մը չէ ճշդուած: Նոլընտ յայտարարած էր, որ Ֆորտ Դամասկոս պիտի վերադառնայ Գոհաբանութեան տօնէն առաջ:
Միւս կողմէ, ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր երէկուան թիւին մէջ կը գրէ, որ թրքական կառավարութիւնը սուրիական բանակէն անջատուած եւ իրենք զիրենք «Սուրիական ազատ բանակ» կոչողները առած է իր պաշտպանութեան տակ ու անոնց կ՛արտօնէ Թուրքիոյ մէջ իր հսկողութեան տակ գտնուող գաղթակայաններէն ընթացք առնելով յարձակումներ գործել Սուրիոյ մէջ: Օրաթերթը կը նշէ, որ սուրիական բանակէն անջատուած գնդապետ Ռիատ Աստաատի հրամանատարութեան տակ գտնուող եւ 60-70 զինեալներէ բաղկացած խմբակը ստանձնած է չորեքշաբթի օր 9 սուրիացի զինուորներու սպանութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն թուրք պաշտօնատարները կը պնդեն, թէ այդ խմբակին հետ իրենց կապը «բացարձակապէս մարդասիրական» է:
Օրաթերթը հարցազրոյց մը ունեցած է վերոնշեալ գնդապետին հետ, որ հարցազրոյցին ներկայացած է 10 թուրք զինուորներու ընկերակցութեամբ: Գնդապետը նշած է, որ սուրիական բանակէն անջատուած զինուորներուն թիւը կը հասնի 10 հազարի:


