Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Գանձասարի. Կիզակէտ՝ Օգոստոս Ե./2017.- Սուրիա Դուրս Կու Գայ Պատերազմի Բովէն

Սեպտեմբեր 11, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիա եօթը տարի համաշխարհային ճնշումներու դէմ դնելէ ետք, խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը վերահաստատելու նախանշաններ կու տայ:

Պատերազմի տեւողութեան Սուրիոյ դէմ ի գործ դրուեցան այնպիսի սադրանքներ, որոնք երկրին բանակը քայքայելու եւ համատարած անիշխանութիւն յառաջացնելու պիտի ծառայէին: Ահաբեկչական ինքնասպանական խմբաւորումներ, անոնց թափանցումները դիւրացնող ստորգետնեայ անցքեր ու օտար երկիրներէ Սուրիա արտածուող մեծաթիւ զինեալներ սուրիական բանակի քայքայման գրաւականը համարուեցան:  Պատերազմի այս ձեւը նախադէպը ունէր, հարկաւ: Նման յարձակումներով աշխարհի մեծագոյն բանակներ կարելի եղած էր քայքայել, Աֆղանիստանի մէջ` Խորհրդային Միութեան բանակը, Իրաքի մէջ` ամերիկեան: Պատերազմի այս ձեւին մէջ ինքնապաշտպանութեան դասական ձեւերը անպիտան կը դառնան, բանակը կը սկսի աստիճանաբար վիժիլ` ահաբեկչական նման խմբաւորումներու անձնասպանական գործողութիւններուն դէմ տեղի տալով ու փողոցներու կռիւներու մէջ ներքաշուելով:

Սուրիոյ պարագային, սակայն, բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները յաջողեցան, դասական մարտերուն կողքին, նոյն այս ձեւով հակադարձել ու քայքայեցին հակառակորդը:

Սուրիական բանակը վերջին քանի մը ամիսներուն կարեւոր յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ ոչ միայն սուրիական անապատին մէջ, այլեւ` Սուրիոյ ամբողջ տարածքին, մէկէ աւելի ճակատներու վրայ` Տէր  Զօր, Համա, Հոմս, Հալէպ, Դամասկոս եւ այլուր:

Զինուորական յառաջխաղացքին զուգահեռ, նկատելի կը դառնան տնտեսութեան ապաքինման նախաքայլերը: Դամասկոսի Միջազգային տօնավաճառին բացումը, երկրին դիմագրաւած այս տագնապին մէջ, այնքան ալ արհամարհելի յաջողութիւն մը չէր: Տօնավաճառին մասնակցեցաւ 43 երկիր, մէկէ աւելի տնտեսական պայմանագրութիւններ կնքուեցան:

Երկրի ներքին տնտեսութեան անիւը աստիճանաբար յառաջ կը մղուի: Այս վերջինը բնականաբար իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ սուրիական դրամանիշի արժէքին վրայ: Միւս կողմէ` կազի եւ քարիւղի հանքերու ազատագրումը, երկրի բնական հարստութեան վերաօգտագործումը, Սուրիոյ տնտեսութեան մայրաքաղաքը համարուող Հալէպի գործարաններուն վերաբանեցումը տնտեսութեան ապաքինումը կ՛աւետեն:

Քաղաքական գետնի վրայ գերպետութիւններու դիրքորոշումները, ի նպաստ Սուրիոյ պետութեան, կտրուկ շրջադարձ կ՛արձանագրեն:

Քալամունի ու Լիբանան-Սուրիա սահմանագօտիի ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործումով, սուրիական եւ լիբանանեան բանակներուն ու Դիմադրութեան  շնորհիւ, ահաբեկչական խմբաւորումներու Սուրիա թափանցելու անցքերը վերջնականապէս կը փակուին:

Այժմ բուռն մարտեր կ՛ընթանան ահաբեկչական մնացեալ խմբաւորումները պաշարման ենթարկելու ու սուրիական հողերուն ազատագրումը ամբողջացնելու համար:

Սուրիոյ պատերազմին աւարտը նշող այս զարգացումները, սակայն, բնականաբար հաշտ աչքով պիտի չդիտուին այնպիսի պետութիւններու կողմէ, որոնց շահերը կը թելադրեն քայքայել միջինարեւելեան դիմադրող երկիրներն ու ընդմիշտ սրել անոնց ընկերութեան բաղադրիչներուն միջեւ լարուածութիւնը:

Յառաջիկայ օրերուն այդ պետութիւններու օրակարգին վրայ վերստին կրնայ յայտնուիլ ցեղային հակամարտութիւններու, անջատողական շարժումներու հրահրումը, որուն դիմաց բնականաբար պիտի շեշտադրուին սուրիական ընկերութեան մաս կազմող բաղադրիչներու միասնականութիւնն ու բանակին ու պետութեան հզօրացումը:

«Գ.»

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Սեպտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Փայիթահթ Ապտիւլ Համիտը Եւ Ժամանակակից Թուրքիոյ Քաղաքական Խմորումները

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?