ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատավայրին մէջ անհասկացողութիւննե՞ր կան. համբերատար եղէք, ամէն ինչ պիտի լուսաբանուի, եւ դուք յաղթական պիտի ելլէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հանդարտ օր մը պիտի ունենաք եւ ձեր ուժերը պիտի վերագտնէք: Դարձեալ կրնաք ծրագիրներ կազմել եւ զանոնք յաջողութեամբ պսակել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ բազմազբաղ էք եւ հանգիստի ժամ չունիք: Ձեր օրերը դուք պէտք է դասաւորէք, դուք պէտք է հանգիստի պահեր ստեղծէք, այլապէս յոգնութիւնը միշտ ներկայ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատավայրին մէջ ուշադրութիւն ըրէք կեղծ բարեկամութիւններէ. մարդիկ միշտ ալ անկեղծ չեն եւ կրնան ձեզի վնաս հասցնել: Ընտրեցէք ձեր ընկերները:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ձեր գործին մէջ յաւելում կ՛ակնկալէք, նախ պէտք է ցոյց տաք, որ արժանի էք յաւելումի մը: Տեղ հասնելու համար ձեր աշխատանքը արժեւորեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Առանց աշխատանքի ոչ մէկ բարիք ակնկալեցէք: Ձեր փափաքները գոհացնելու համար լրջօրէն պէտք է աշխատիլ: Ուրիշներ ձեր տեղը չեն աշխատիր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ծրագիրներ ունենալը եւ երազելը տեղ չեն հասցներ. պէտք է աշխատիլ, որպէսզի կարենաք ձեր ապագան լաւ հիմերու վրայ հաստատել, որմէ ետք կրնաք արդիւնքներու հասնիլ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Միշտ պատրաստակամ էք եւ շատ օգտակար կ՛ըլլաք ձեր շուրջիններուն. սակայն անոնք ոչինչ ընել կ՛ուզեն ձեզի համար: Զգուշացէք եսասէր մարդոցմէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բազմազբաղ էք եւ միշտ պատասխանատուութիւններ յանձն կ՛առնէք, ինչ որ յոգնեցուցիչ է: Նախ ձեր հանգիստին մասին մտածեցէք, որպէսզի կարենաք ուրիշներուն օգտակար ըլլալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Միշտ կ՛ուզէք իրաւունք ունենալ հարցերու մէջ. սակայն քիչ մըն ալ ուրիշներուն կարծիքները մտիկ ըրէք եւ ապա դուք ձեզ պարտադրեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գէշ յիշատակները մոռնալ կը ձեւացնէք, որպէսզի ձեր հանգիստը գտնէք. սակայն պէտք է որ անցեալը վերյիշէք, որպէսզի եթէ սխալներ գործած էք, զանոնք չկրկնէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ հետաքրքիր էք եւ միշտ պրպտումի մէջ էք. ձեր այս նկարագիրը ձեր գիտելիքները պիտի զարգացնեն, եւ ինչո՞ւ ոչ, ձեր ասպարէզին մէջ յառաջդիմութիւններ պիտի արձանագրէք:
