Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 15 թիկնապահներուն մեղադրանք ներկայացուցած մարմիններուն` այդ քայլը նկատելով «անարդար» եւ «քաղաքականացուած»:
Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական կողմը պնդած է, թէ մեղադրեալներուն շարքին կան Թուրքիոյ քաղաքացիներ, որոնք ո՛չ միայն դէպքի վայրը չեն գտնուած, այլ նաեւ առհասարակ չեն այցելած Միացեալ Նահանգներ:
Աւելի՛ն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեղադրած է Միացեալ Նահանգները Էրտողանի այցելութեան ընթացքին անվտանգութիւնը չապահովելու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կողմնակիցներու սադրանքներուն ենթարկուելու համար:
Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթըն նահանգի դատարանը ընդլայնուած կազմով որոշում տուած է մեղադրականներ ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ 16 մայիս 2017-ին խաղաղ ցուցարարներու դէմ յարձակում գործած 19 անձերու, որոնց շարքին` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի 15 թիկնապահներու դէմ:



