30 օգոստոսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանած է այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին այն յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճան պատրաստ է «սապսթենթիւ» բանակցութիւններու` Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ համանախագահներուն առաջարկներուն հիման վրայ, եթէ Հայաստան ընդունի զանոնք:
Նախարարը դիտել տուած է, որ, ըստ իրեն, մեծ նորութիւն չէ ըսուած, իսկ Ազրպէյճան կը շարունակէ իր փորձը` միջազգային հանրութեան աչքին փոշի փչելու:
«Կ’ըսէ, որ իբրեւ թէ պատրաստ է «սապսթենթիւ» բանակցութիւններու: Ի՞նչ կը նշանակէ «սապսթենթիւ». այսինքն` առարկայական, բովանդակային: Ուրեմն, ըստ Պաքուի, վերջին առնուազն տասը տարուան ընթացքին նախագահներու մակարդակով քսան, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով` չորս տասնեակէն աւելի, ինչպէս նաեւ համանախագահներուն հետ կայացած բազմաթիւ հանդիպումները եղած են բովանդակութենէ զո՞ւրկ կամ ո՞չ առարկայական: Ըստ Ազրպէյճանի այդպէ՞ս է վիճակը:
«Առաջին, եթէ Ազրպէյճան իսկապէս կ’ընդունի եռանախագահող երկիրներուն առաջարկները եւ պատրաստ է այդ առաջարկներու հիման վրայ ընթանալու դէպի լուծում, ապա պէտք է հաստատէ, նաեւ գործնականօրէն ապացուցէ, որ թեր է հարցը լուծելու այն սկզբունքներուն հիման վրայ, որոնք առաջարկուած են եռանախագահող երկիրներուն կողմէ: Դուք գիտէք, ո՛ր սկզբունքներուն մասին է խօսքը. բազմիցս ըսուած է: Խօսքը երեք սկզբունքներու մասին է` ուժ կամ ուժի սպառնալիք չգործածել, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւն ու ինքնորոշման իրաւունք եւ տարածքային ամբողջականութիւն», յայտնած է նախարար Նալբանդեան:
Ըստ անոր, եռանախագահները բազմիցս եւ տարբեր մակարդակներով խօսած են այդ մասին, իսկ Հայաստան համամիտ է եռանախագահ երկիրներուն, իսկ Ազրպէյճան կը մերժէ այդ սկզբունքները, նոյնիսկ կը մերժէ միանալ այն միջազգային փաստաթուղթերուն, որոնց մէջ պարզապէս յղում կը կատարուի կամ կը յիշուին այդ երեք սկզբունքները:
«Երկրորդ, եթէ Ազրպէյճան իսկապէս կ’ուզէ տագնապը լուծել եռանախագահներուն առաջարկներուն հիման վրայ, ապա պէտք է վերահաստատէ ու գործնականօրէն կատարէ անոնց կողմէ ներկայացուած առաջարկները` տագնապը բացառապէս խաղաղօրէն լուծել, նաեւ պէտք է անվերապահօրէն յարգէ եւ իրականացնէ 1994-1995-ի զինադադարի համաձայնագիրները: Հայաստան համամիտ է համանախագահ պետութիւններուն, իսկ Ազրպէյճան կը մերժէ եռանախագահներուն կոչերը` վերահաստատելու այդ յանձնառութիւնները: Եւ վստահաբար, Ազրպէյճան պէտք է գործադրէ եւ ոչ թէ ընդդիմանայ այն պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:
«Երրորդ. այս վերջին յայտարարութեան մէջ ազրպէյճանցիները անգամ մը եւս յիշատակեցին Պաքուի կողմէ այդքան սիրուած Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերը, որոնք ընդունուած են 1993-ին: Զուգադիպութիւն չէ, որ եռանախագահող երկիրները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ յղում չեն կատարած այդ բանաձեւերուն: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այդ բանաձեւերուն հիմնական նպատակը ռազմական գործողութիւններու կասեցումն էր: Ինքնին Ազրպէյճանի պատճառով էր, որ այդ ռազմական գործողութիւնները կանգ չեն առած, որովհետեւ ան չի յարգեր զանոնք եւ կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները, զորս կարելի եղաւ դադրեցնել միայն 1994-ի մայիսին զինադադարի համաձայնագիրին շնորհիւ: Անիկա, ինչպէս գիտէք, ստորագրուեցաւ Ազրպէյճանի, Արցախի եւ Հայաստանի կողմէ: Անիկա անժամկէտ համաձայնագիր է: Եռանախագահող երկիրները բազմիցս կոչ ուղղած են, որ այս համաձայնագիրը անվերապահօրէն յարգուի եւ գործադրուի:
«Չորրորդ, եթէ ազրպէյճանական կողմը իսկապէս պատրաստ է շարունակելու բանակցային հոլովոյթը համանախագահներու առաջարկներուն հիման վրայ, ուրեմն պէտք չէ փորձէ յղում կատարել միայն այն տարրերուն, որոնք իրեն շահերուն կը ծառայեն, այդ ալ` աղաւաղուած ձեւով», յայտնած է նախարար Նալբանդեան` աւելցնելով, որ եռանախագահող երկիրներուն նախագահները զանազան առիթներով խօսած են այն սկզբունքներուն եւ տարրերուն մասին, որոնց հիման վրայ պէտք է տագնապը լուծուի` շեշտելով, որ անոնք ամբողջութիւն կը կազմեն, անոնց մէջ առաջնահերթութիւն չկայ եւ հաստատելով, որ անոնցմէ մէկուն աւելի կարեւորութիւն տալը անկարելի կը դարձնէ տագնապի լուծումը: Բայց եւ այնպէս Ազրպէյճան կը շարունակէ այդ մէկը ընել եւ քանի մը տարրերու յղում կատարել` այդ ալ աղաւաղուած ձեւով եւ անտեսելով միւսները:
«Վստահաբար, այս բոլորը նորութիւն չեն: Ազրպէյճան կը փորձէ դէմքի լաւ արտայայտութիւն ցոյց տալ վատ խաղի ընթացքին: Բայց եւ այնպէս ատոր մէջ եւս չի յաջողիր: Հայաստան պիտի շարունակէ եռանախագահող երկիրներուն հետ միացեալ ջանքերը` տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման համար: Եթէ Պաքուն կը փափաքի միանալ այդ ջանքերուն, ապա ես կ’եզրափակէի անով, որով սկսայ. Ազրպէյճան պէտք է վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը եռանախագահներուն կողմէ առաջարկուող միջազգային իրաւունքի երեք սկզբունքներուն, որոնց անդրադարձանք», եզրափակած է նախարարը:
Ան նաեւ խօսած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի մատնանշումին մասին, որ կը վերաբերի ղարաբաղեան տագնապի լուծման 6 կէտերէ բաղկացած տարբերակին` հաստատելով, որ անոր ըսածը նորութիւն չէ: Նախարար Նալբանդեանին համաձայն, իր պաշտօնէն հեռանալէ առաջ Հոկլընտին ըսածը, հաւանաբար, ամբողջովին չի համապատասխաներ յայտարարութիւններուն եռանախագահող երկիրներուն, որոնց մօտեցումները կ՛արտացոլան այդ երկիրներու համանախագահող դեսպաններու, արտաքին գործոց նախարարներու եւ նախագահներու յայտարարութիւններուն մէջ, որոնք պէտք է նկատի ունենալ իբրեւ եռանախագահներու դիրքորոշում:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները` ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերեալ, համանախագահ երկիրներու նախագահներուն հինգ յայտարարութիւններուն մէջ տեղ գտած առաջարկներուն հիման վրայ, որոնք վերջին անգամ վերահաստատուած են դեկտեմբերին եռանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ:



