Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են կառուցապատման հոլովոյթներու խթանման վերաբերող հարցեր:
Յատկապէս, կառուցապատող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ներկայացուցած են առկայ խնդիրները, հանդէս եկած են հարկային վարչարարութեան մեքանիզմներու պարզեցման, ենթակառուցուածքներու ապահովման, մարզի զարգացման առնչուող տարբեր առաջարկներով:
Վարչապետը նախարարութիւններու պատասխանատուներուն յանձնարարած է յաւելեալ քննարկումի ենթարկել ներկայացուած հարցերն ու առաջարկները` գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն համապատասխան լուծումներ տալու նպատակով: