Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հսկայական Հրդեհ «Նայիրիտ» Գործարանի Տարածքին Մէջ. Իրավիճակը Հսկողութեան Տակ Է

August 29, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:10-ին ահազանգ ստացուած է, որ Երեւան քաղաքի «Նայիրիտ» գործարանի տարածքին պայթումի ձայն լսուած է եւ հրդեհ բռնկած: Դէպքի վայր հասած են հրշէջ մեքենաներ, տասներկու մարտական խումբ եւ Ճգնաժամային կառավարման կեդրոնի արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման խումբերը:

«Նայիրիտ» գործարանի տարածքին մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով քանի մը հրշէջներ վնասուած են: Հրդեհի բռնկումին պահուն դէպքի վայրին մէջ ոչ ոք եղած է, վիրաւորներ եւ զոհեր չկան: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին ըսած է արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան տնօրէն Մուշեղ Ղազարեան:

«Այս պահուն կ՛աշխատինք 500 քառակուսի մեթր տարածքի մը մէջ: Դէպքի վայր հասած շտապօգնութեան մեքենաները օգնութիւն ցուցաբերած են հրշէջներուն, որոնք առաջնային օղակի մէջ էին: Հիմա անոնք կը շարունակեն իրենց աշխատանքը», ըսած է ան: Ղազարեանի համաձայն, «Նայիրիտ»-ի տարածքին պայթումի պատճառով քիմիական վտանգ չկայ: Այրող նիւթէն վտանգաւոր արտանետումներ չկան, բնակչութեան վտանգ չի սպառնար:

«Կ՛այրի լաք-էթինոլ նիւթը: Խորհուրդ կը տրուի մօտակայ շէնքերու բնակիչներուն փակել պատուհանները եւ կարելիութեան չափով չշնչել ծուխը», ըսած է ան` աւելցնելով, որ այժմ փրկարարները սառեցման աշխատանքներ կը կատարեն, որպէսզի հրդեհը չտարածուի:

«Մենք արդէն մեկուսացուցած ենք կրակը, հովացման աշխատանքներ կը տանինք, որպէսզի հրդեհը չտարածուի», աւելցուցած է ան:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան տնօրէնը նշած է, որ դեռ յայտնի չէ հրդեհի բռնկման պատճառը, անիկա պիտի պարզուի հրդեհաշիջման աշխատանքներէն ետք:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տօնոյեան «Նայիրիտ» գործարանի տարածքին մէջ աշխատանքային խորհրդակցութիւն կազմակերպած է, որուն ընթացքին  քննարկուած են հրդեհի մեկուսացման աւելի բարձր արդիւնաւէտութիւն ապահովող միջոցներ:

Նախորդը

Յոյսին Ճախրանքը

Յաջորդը

Արցախի Մէջ. Նախարար Լեւոն Մկրտչեանը Մասնակցած Է Խորհրդակցութիւններու

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.