Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը, որ պաշտօնը ստանձնելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Հայաստան:
Հանրապետութեան նախագահը եւ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը քննարկած են ընդհանուր առմամբ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին եւ մասնաւորապէս Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման առնչուող հարցեր:
Նշելով, որ այս տարի կը լրանայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի ստորագրման 25 եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ձեւաւորման 15 տարին` հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ այս տարեդարձները լաւ առիթներ են անդրադառնալու կազմակերպութեան անցած ճամբուն եւ ուղենշելու զարգացման հետագայ ընթացքը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է անցեալ տարի Երեւանի մէջ ընդունուած` մինչեւ 2025 ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան ռազմավարութեան իրականացման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ զեկուցած վերջին շրջանին կազմակերպութեան կողմէ իրականացած աշխատանքներուն եւ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն մասին:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային եւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցերուն շուրջ: