
«ՍալամՆիուզ» կը հաղորդէ, որ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լըֆոր Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը փորձէ աջակցիլ շրջանային տագնապներու, որոնց շարքին` ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման:
Ընդգծելով, որ ինք կը պատրաստուի ամէն ամիս Պաքու այցելելու եւ տագնապը լուծել փորձելու, Լըֆորտ ըսած է. «Մենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ կը համագործակցինք: Կը կարծեմ, որ ղարաբաղեան տագնապը պէտք է շուտով լուծուի: Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին ես այդ կարծիքը արտայայտած եմ»:


