Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ ԵՒ ՈՐՈՇԵՑ ԸՆԴԱՌԱՋԵԼ ՊԵՏԱԿԱՆ ՇՈՒՐԱՅԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

October 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն բացակայեցան 8 նախարարներ:

Նախքան նիստին գումարումը նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը:

Կառավարութիւնը քննարկեց 87 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը, որուն ծիրին մէջ` Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն պահանջները, զորս կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի կողմէ ներկայացուեցան կառավարութեան:

Նշենք, որ Պետական շուրան մերժեց աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերեալ կառավարութեան տուած որոշումը, որուն մասին աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս նախքան նիստին գումարումը նշեց, որ կառավարութիւնն է միակ մարմինը, որ այս իմաստով վերջին որոշումը տալու իրաւունք ունի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն յատկացուելիք յաւելումները, որոնք առաջարկուած էին կրթութեան նախարարին կողմէ:

Նշենք, որ կրթութեան նախարարը իր «միջակ» լուծման կրցած էր յանգիլ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն հետ իր ունեցած հետեւողական հանդիպումներուն ընթացքին:

Այս իմաստով, Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է կրթութեան նախարարութեան 750 միլիոն լ. ոսկի յատկացնել:

Միւս կողմէ, կառավարութիւնը որոշեց ընդառաջել Պետական շուրային կողմէ տրուած խորհուրդին, որուն հիման վրայ անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել աշխատավարձերու յաւելման կառավարութեան որոշումը:

Տաուք նշեց, որ այս նպատակով յատուկ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ: Յանձնախումբին պիտի նախագահէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, իսկ անոր պիտի անդամակցին աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս: Յանձնախումբը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ աշխատավարձերու յաւելման առումով իր տուած որոշումը եւ պիտի փորձէ աւելի արդար որոշումի մը յանգիլ:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ, ՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԻՐ ՀՐԱՒԷՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՌԿԱՅ Է

Յաջորդը

ՄՈԼՏԱՒԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԶԷՆՔ ՎԱՃԱՌԵԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱԼԻԵՒԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԱԾ Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.