Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 72-ամեակի Պաշտօնական Նշում

August 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 72-ամեակին առիթով, այդ ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շաբաթ օր Թանգարանի իր կեդրոնին մէջ կազմակերպեց պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, մամլոյ եւ խմբագիրներու սենտիքաներու նախագահները, նահանգապետներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պաշտօնական հիւրեր ու զինուորականներ:

Այս առիթով նախագահ Աուն շեշտեց, որ Արսալի, Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն ազատագրումէն ետք կը յուսանք նաեւ հարաւային Լիբանանի հողերուն ազատագրումը իսրայէլեան բռնագրաւումէն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի գերիշխանութիւնը վերահաստատել:

«Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 72-ամեակը կը զուգադիպի այնպիսի օրուան, երբ Լիբանան կը պատրաստուի արեւելեան իր սահմանները ահաբեկչութենէն ազատագրելու եւ այդ հողերուն ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու տօնակատարութեան», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն դրուատեց Ապպաս Իպրահիմի գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ ան ազգային դերակատարութիւն կ՛ունենայ` վայելելով քաղաքական իշխանութեան վստահութիւնը: «Իբրեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ դարձած է օրինակելի տիպար մը, եւ ես կը խոստանամ միշտ զօրակցիլ այդ ուժերուն, որպէսզի Արեւելքի մէջ Լիբանան վերստանայ իր իւրայատուկ փայլքը», նշեց նախագահ Աուն:

Իր կարգին, Մաշնուք շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնը վերածուած է ապահովական այլ կառոյցներուն կողքին երկրին ապահովութեան պահպանումը եւ ոչ թէ լիբանանցի քաղաքացիներուն եւ օտարներուն անվտանգութեան ապահովումը:

Մաշնուք ընդգծեց, որ լիբանանեան բարձունքներուն վրայ արձանագրուած նուաճումները 1990-էն ի վեր Լիբանանի ազգային անվտանգութեան պատմութեան մէջ անկիւնադարձային տեղ գրաւած են:

Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը միշտ պիտի ըլլան ահաբեկչութեան հարուած հասցնող ուժեր: Ան հաստատեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին լուծումը մօտեցած է իր աւարտին` աւելցնելով, որ մինչեւ որ բանակայիններուն ճակատագիրը չբացայայտուի, իրենք պիտի չհանգստանան: «Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հետ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք լուծելու համար այս թղթածրարը», հաստատեց ան:
Նշենք, որ նախքան պաշտօնական ձեռնարկին սկիզբը, նախագահ Աուն ծաղկեպսակ մը զետեղեց կեդրոնին մէջ գտնուող Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Բանակին Արձանագրած Յաղթանակի Աւետիսին Զուգահեռ, Առեւանգուած Բանակայիններու Նահատակութեան Գոյժը Կը Յուզէ Լիբանանցիները

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.