ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն լիբանանցի արուեստագէտ Սամիր Եազպեքը յետմահու պարգեւատրեց Մայրիներու սպայի աստիճանի շքանշանով:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք լիբանանեան բանակին համար կը շարունակեն աղօթել` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ յապաղում կ՛արձանագրուի մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հրաւիրելու առումով:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը դէմ դրաւ հաւատադրժողական ծրագիրին, մինչ Արեւմուտքը տակաւին նոր սկսաւ խօսիլ ահաբեկչութեան դիմադրելու մասին:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի ուժը կը կայանայ սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքին եւ երկրին ժողովրդավարական կարգը պահպանող գործառնութիւնները ամբողջացնելուն մէջ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի բարձունքներուն ազատագրումը իր յարմար նժարին վրայ զետեղելը բոլորին պատասխանատուութիւնն է, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ յաղթանակին բարիքները քաղել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ լիբանանեան ներկայ իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերահաստատել լիբանանեան ազգային գերիշխանութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Հըզպալլայի դերակատարութիւնը ուրացողը քանդած կ՛ըլլայ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա զարմանք յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածները կը շարունակեն մնալ Լիբանանի մէջ, երբ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը գրեթէ վերահաստատուած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ ընդունելի միակ տարազը ամբողջ երկրին տարածքին լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան հաստատման տարազն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ լիբանանեան բարձունքները ազատագրելու զինուորական գործողութիւնը աւարտած է եւ պէտք է սկսիլ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու գործողութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ իր բոլոր կեցուածքներուն` առանց շեղելու անոնցմէ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան ներքին տարակարծութիւն առթող թղթածրարները չհրահրուին` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք չեն փափաքիր, որ Լիբանանի մէջ ոեւէ մէկը ինքզինք պարտուած զգայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի նոր փուլի մը դիմաց, որուն ընթացքին կարիքը կայ ազգային միասնականութեան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը փաստած է, թէ կրնայ տապալել սարսափազդու ահաբեկչական կազմակերպութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը լիբանանեան բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտը մղած է արժանապատուութեամբ, ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական բանակները, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի մարտիկները Լիբանանը կերտող ադամանդեայ մարմիններ են:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ կառավարութիւնը ստիպուած էր լիբանանեան բանակին արտօնել բարձունքներու ազատագրումը, որպէսզի Հըզպալլա առանձին կատարած չըլլար այդ գործողութիւնը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ քաղաքական անձնաւորութիւնները պատճառ դարձան բանակայիններուն առեւանգումին, իսկ բանակն ու Դիմադրութիւնը զանոնք վերադարձուցին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, թէ լիբանանեան բանակը միակն է, որ կը պաշտպանէ Լիբանանը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազով է, որ կարելի եղած է կերտել հզօր Լիբանան մը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութեան շնորհիւ կարելի եղած է Լիբանանի ապահովութիւնը պահպանել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանանի ազատագրումը ահաբեկիչներէն, իսրայէլեան վտանգներուն դիմաց անոր դիմադրողականութիւնը կը հզօրացնէ:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ժամիլ Հայեք շեշտեց, որ Լիբանանը կը գոյատեւէ միայն իր զաւակներուն միասնականութեամբ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք շեշտեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին, ինչպէս նաեւ սուրիական բանակին օժանդակութեան շնորհիւ կարելի եղած է Լիբանանի բարձունքները ազատագրել:
ՔԱԱՅԻ հոգեւոր հովիւ Էլիան Նասրալլա քահանան հաստատեց, որ եթէ բանակը, ժողովուրդը եւ Դիմադրութիւնը իբրեւ մէկ մարմին չգործէին, անկարելի պիտի ըլլար Լիբանանի բարձունքներուն ազատագրումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ հզօր լիբանանեան բանակ կը նշանակէ Հըզպալլայի աւարտը: