Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Իսրայէլի օդուժի սպառազինութեան մէջ վերջերս ներառուած է բոլոր եղանակներուն համար նախատեսուած եւ արդիականացած «Հերմես 900» մարտավարական անօդաչու սարքը, որ մշակուած է «Էլպիթ սիսթըմզ» ընկերութեան կողմէ:
Այս սարքերուն կրնայ տիրանալ նաեւ Ազրպէյճան, որուն օդուժի սպառազինութեան կազմին մէջ կան 12 «Հերմես 450» անօդաչու սարքեր, որոնք գնուած են 2006 թուականին, ինչպէս նաեւ 15 «Հերմես 900» սարքեր, որոնք 2016-ին ներածուած են:
Արդիականացած «Հերմես 900»-ը նախատեսուած է վերահսկողութեան եւ հետախուզութեան համար: Սարքը թռիչքներ կրնայ իրականացնել մինչեւ 9000 մեթր բարձրութեան վրայ:



