Եթէ հայկական կողմը ընդունի, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի ընդգծած սկզբունքները նոր չեն, այդ պարագային անհրաժեշտ է առարկայական բանակցութիւններու սկսիլ: «Թրենտ» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
Ան նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութիւններուն մէջ արտացոլուած են Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին հիման վրայ տագնապի փուլային լուծման հիմնական տարրերը: «Եւ այդ տարրերը կը կազմեն նորացուած Մատրիտեան սկզբունքներու հիմքերը: Այդ սկզբունքները անգամ մը եւս ընդգծած է Միացեալ Նահանգներէն համանախագահող Ռիչըրտ Հոկլընտ», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ան ընդգծած է, որ եթէ հայկական կողմը ընդունի, թէ այդ սկզբունքները նոր չեն, այդ պարագային արդէն անհրաժեշտ է առարկայական բանակցութիւններու սկսիլ մանրամասնութիւններու քննարկման նպատակով:
Մամետեարով նշած է, որ ազրպէյճանական կողմը բազմիցս յայտարարած է, թէ պատրաստ է «սթաթիւս քոյի փոփոխութեան, տագնապի շուտափոյթ լուծման եւ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան ապահովման վերաբերեալ լուրջ բանակցութիւններու»:



