Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Մարոթթի շեշտեց, որ Իտալիա միշտ նեցուկ կը կանգնի լիբանանեան բանակին` դրուատելով անոր սանձազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը, որուն լոյսին տակ բանակը կրցած է ազատագրել լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթան:
Մարոթթի ցաւակցութիւն յայտնեց բանակին նահատակներուն համար եւ վիրաւոր զինուորներուն ապաքինում մաղթեց: