Տիգրանակերտ նահանգի Հազզօ շրջանի քրտաբնակ գիւղերէն մէկուն մէջ 76 տարեկան Սանիյէ Էքթի ճնշումի ենթարկուած է թրքական մասնայատուկ ուժերու կողմէ, որոնք կասկածած են, թէ ան կրնայ հայկական ծագում ունենալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»:
Քիւրտ տարեց կինը, որ երիտասարդ տարիներուն քրտական շարժումի աշխուժ անդամ եղած է եւ քանի մը անգամ բանտարկուած, կ՛ապրի հազզոյի գիւղերէն մէկուն մէջ, որ այժմ կը գտնուի թրքական բանակի մասնայատուկ ուժերու վերահսկողութեան տակ: Քրտաբնակ այս գիւղին մէջ, ուր բնակիչներուն մէկ մասը կ՛աջակցի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն, պարբերաբար զինուորական գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան: Սանիյէ Էքթիի տունն ալ պարբերաբար կը դառնայ թրքական զինեալ ուժերու թիրախը:
«Ակօս»-ի հետ կապ հաստատած անոր թոռնիկը` Ճէյլան Աքչան պատմած է, որ իր մեծ մայրը իսլամ քիւրտ է, կապուած է իր կրօնին եւ տան մէջ միշտ Քուրան կը կարդայ: Անոր տան մէջ կայ նաեւ Աստուածաշունչ, որ ան պարբերաբար կը թերթատէ:
Հետաքրքրական է, որ քիւրտ մեծ մայրիկը, որուն Աստուածաշունչը տեսնելէ ետք մասնայատուկ ուժերու անդամներ հարցուցած են` «Հա՞յ ես», շատ վիրաւորուած է այդ հարցումէն:
«Եթէ հայ ես` պահելու կարիք չկայ, կրնաս մեզի ըսել», պնդած են թուրք զինուորները: Իր հայ ըլլալուն համար կասկածիլը իբրեւ վիրաւորանք ընկալած քիւրտ մեծ մայրիկը եղածը պատմած է թոռներուն:
«Ակօս»-ի հետ զրուցած անոր թոռնիկը նաեւ պնդած է, որ իր մեծ մայրիկին տունը քաղաքացիական հագուստով զինուորներ մտած են ու հայերէն խօսած` փորձելով բացայայտել անոր հայ ըլլալը կամ չըլլալը:
Կնոջ թոռներուն յատկապէս մտահոգած է այն, որ իրենց մեծ մայրիկին հայ ըլլալուն մասին բամբասանքները կրնան տարածուիլ գիւղին մէջ, որուն պատճառով ան կրնայ յարձակումներու ենթարկուիլ քիւրտ համագիւղացիներու կողմէ:



