ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ յայտնած է, որ իր առաքելութիւնը կ՛աւարտի 28 օգոստոսին եւ ամերիկացի նոր համանախագահ նշանակուած է Էնտրիւ Շոֆըրը: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ «Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, թէ Հոկլընտ այս մասին յայտնած է Ուաշինկթընի օտար լրագրողներու մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Նոր համանախագահը շատ փորձառու բարձրաստիճան ամերիկացի դիւանագէտ է, որ ծառայած է իբրեւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար: Ան ունի իրական փորձառութիւն Կիպրոսի եւ այլ տագնապներու լուծման գործին մէջ: Կը կարծեմ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ արտաքին գործոց նախարարը ընտրած են Միացեալ Նահանգներու հոյակապ համանախագահ», ըսած է Հոկլընտ:
Նոր համանախագահը կը տիրապետէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին առնչուած ամբողջական տեղեկութեան եւ պատրաստ է ստանձնելու իր պարտականութիւնը:
«Այս խնդիրը չէ սկսած նախկին խորհրդային երկիրներու անկախացումէն ետք: Լեռնային Ղարաբաղը խնդիր էր, որ շարունակուած է տասնամեակներ, եթէ ոչ դարեր», ըսած է Հոկլընտ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը տարբերակելով Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ կամ Մերձտնեսթրի տագնապներէն:
Հոկլընտ ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնական վեց կէտերը, որոնք արդէն 2014-ին հնչեցուցած էր Միացեալ Նահանգներու նախկին համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք: «Հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի բարդ պատմութիւնը` կողմերը պէտք է սահմանեն ատոր վերջնական իրաւական կարգավիճակը ապագային` փոխադարձ համաձայնութեամբ եւ իրաւական պարտաւորեցնող կամքի արտայայտութեամբ», նշուած է կէտերուն մէջ եւ անդրադարձ կայ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզի սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքին, որ Պաքուի կողմէ չի վերահսկուիր, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ անվտանգութեան գօտիին, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հետ միացնող միջանցքին, որ պէտք է ըլլայ բաւականաչափ լայն` անվտանգ փոխադրումներու ապահովման համար, տեղահանուած անձերու եւ տեղահանուածներու իրաւունքին: Նշուած է, որ լուծումը պէտք է իր մէջ ներառէ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, որոնք պիտի ներառեն խաղաղարար միջոցառումներ:
«Գոյութիւն չունի դիպաշար, որուն մէջ խաղաղութիւնը կրնայ ապահովուած ըլլալ առանց լաւ նախապատրաստուած խաղաղ գործողութիւններու, որոնք կը վայելեն բոլոր կողմերուն վստահութիւնը», նշուած է կէտերուն մէջ:
Հոկլընտի համաձայն, այս կէտերուն մէջ ներկայացուած է միջազգային միջնորդներու ընդհանուր քաղաքականութիւնը, անոնք հիմնուած են մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ, որոնք ալ բանակցային սեղանին վրայ դրուած փաստաթուղթի հիմքն են. «Ասիկա երկարատեւ քաղաքականութիւն է, անիկա կապուած չէ այս կամ այն համանախագահի հետ, ասիկա մեր ընդհանուր քաղաքականութիւնն է: Անշուշտ առաջարկուող ծրագիրը աւելի մանրամասն է եւ ծաւալուն, սակայն ասիկա որեւէ խելամիտ լուծման հիմքն է, եւ բոլոր կողմերը համաձայն են այս հարցին մէջ»:
Ինչ կը վերաբերի տագնապի կողմերու դիրքորոշման, ապա Ռիչըրտ Հոկլընտ ընդգծած է. «Նոյնիսկ եթէ անոնք համաձայն չեն առաջարկուող ծրագիրի առանձին կէտերուն, բայց եւ այնպէս, համաձայն են քննարկել զանոնք, կը կարծեմ այժմ ճիշդ այդ է կարեւորը»:
Հանդիպումին ներկայ եղող ազրպէյճանցի լրագրողներուն անհանգստացուցած է այն փաստը, որ դեսպանին ներկայացուցած կէտերուն մէջ յատուկ նշուած չէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, որ, դեսպանին խօսքով, պէտք է քննարկուի: