Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաբայեան. «Ազրպէյճանը Միշտ Կը Թաքցնէ Իր Զոհերուն Իրական Քանակը»

August 18, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երկիր»-ը կը գրէ, թէ տեղեկացած էին, որ «Ոսկանապատինֆո»-ն ուշագրաւ նիւթ հրապարակած է, որուն մէջ նաեւ կայ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Նաճմէտտին Սատիքովի զեկուցագիրը, որ ուղղուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին: Այդ զեկուցագիրին մէջ ըսուած է. «2-էն 6 ապրիլ 2016-ի ժամանակահատուածին մէջ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու անձնակազմի ընդհանուր կորուստներն են` 558 զոհուած եւ 1293 վիրաւոր զինուոր»:

«Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան անդրադառնալով հրապարակուած փաստաթուղթին նշեց, որ չի բացառուիր, որ զեկուցագիրին մէջ ներկայացուող տուեալները եւս կիսատ են: «Մենք գիտենք, որ ազրպէյճանական կողմը միշտ կը թաքցնէ իր զոհերուն իրական քանակը: Չի բացառուիր, որ նաեւ այս տուեալները ըլլան  կիսատ, որովհետեւ մեր հաշիւներուն համաձայն իրենք տուած են աւելի շատ զոհեր», ըսած Բաբայեան, եւ աւելցուցած, որ այդտեղ ներկայացուածը ազրպէյճանական բանակի սպաննուածներուն միայն մէկ մասն է:

«Նոյն Մեհրիպան Ալիեւան, երբ հանդիպած էր ապրիլեան պատերազին ընթացքին սպաննուած իրենց զինուորներու ծնողներուն հետ, այնտեղ` դահլիճին մէջ, 1500-էն 2000 մարդ կար: Այդ կեղծարարութիւնները անոնք միշտ ալ օգտագործած են», ընդգծեց ան: Բաբայեանի խօսքով` ազրպէյճանական իշխանութիւնները կա՛մ կը վախցնեն, կա՛մ կը կաշառեն ծնողները, որպէսզի թաքցնեն իրական զոհերու քանակը եւ ատիկա արդէն վերածած են գործառոյթի: «22 տարի պատրաստուելով կայծակնային պատերազմի` անոնք չեն յաջողած: Այդ երկու բարձունքի գրաւումը դարձուցած են առասպելական յաղթանակ: Կը թաքցնեն իրական զոհերու քանակը, որովհետեւ գիտեն, որ ատիկա արկածախնդրութիւն է», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ սեփական լսարանն ու Ազրպէյճանէն դուրս ապրող ազրպէյճանցիները պէտք է ըսեն` ա՞յս է ձեր յաղթանակը: Բաբայեանի համաձայն, այդ ամէնը կը քողարկուի, որովհետեւ  խորքին մէջ գործառոյթ է: «Տեղական իշխանութիւնները եւ այլ օղակներ կը կաշառեն զիուորները, որպէսզի չըսեն, թէ զոհեր ու վիրաւորներ կան. ասիկա խայտառակ կաշառակերներու մէկ թեւն է, թաքցուած զոհերու  օրկանները կը վաճառեն նոյնիսկ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Կառավարութեան Համաձայնութեան Արժանացած Է Հայաստանի Գիտութեան Մարզի Զարգացման 2017-2020 Ռազմավարական Ծրագիրը

Յաջորդը

Ընթացք Առաւ ՀՅԴ ԱՊՀ Երկիրներու Ուսանողական Բանակումը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.