Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Արծուիկ Մինասեանի Գլխաւորութեամբ` Նախարարութեան 150 Աշխատակից Կը Շարունակէ Խոսրովի Անտառի Հրդեհաշիջման Աշխատանքները

Օգոստոս 15, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանի գլխաւորութեամբ` նախարարութեան ստորաբաժանումներու շուրջ 150 աշխատակիցներ արդէն երրորդ օրն է, որ կը գտնուին «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին մէջ: 12 օգոստոսէն  արգելոցին մէջ բռնկած հրդեհը մարելու աշխատանքները կը շարունակուին:

Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն, հրդեհաշիջման աշխատանքներուն կը մասնակցին 78 փրկարար, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Արարատի զօրամասէն 122 զինուոր, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր ոստիկանութեան Արարատի մարզային վարչութեան 60, «Ինթըր Աքուա» ձկնաբուծարանի աշխատակիցներ` ջրատարներով, Արարատի մարզի Ուրցաձոր համայնքի բնակիչներ: Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն կը մասնակցի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան օդուժի 2 ուղղաթիռ: Հրդեհի բռնկումին փաստով յարուցուած է քրէական գործ: Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տօնոյեան դիմած է Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Վլատիմիր Փուչքովին` տրամադրելու հրդեհաշիջման աշխատանքներ իրականացնող ինքնաթիռ` «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին մէջ բռնկած հրդեհի մարման աշխատանքներուն աջակցելու համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը դիմէ հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մասնակցելու համար կամաւոր դէպքի վայր մեկնող քաղաքացիներուն` «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոց երթալու Ուրցաձորի տեղամասի առաջին պահաբաժինի զինուորական կեդրոնէն, ուր բնապահպանութեան նախարարութեան աշխատակիցները կը համակարգեն կամաւորներու  ուժերու բաշխումը հրդեհուած տարածքներու տարբեր հատուածներուն մէջ:

Նշենք, որ ըստ նախնական տուեալներուն, 200-250 հեկտար տարածքի վրայ կ՛այրի բուսածածկ եւ անտառածածկ տարածք:

Երեւան Վայրէջք Կատարեց Աշխարհի Մեծագոյն
Հակահրդեհային Օդանաւներէն Մէկը

«Երկիր»-ի տեղեկութիւններով` երէկ Երեւանի «Էրեբունի» օդանաւակայանին մէջ վայրէջք կատարեց Ռուսիոյ կողմէ տրամադրուած հրդեհաշիջման աշխատանքներ կատարող «ԻԼ-76» օդանաւը:

«ԻԼ-76» օդանաւը ունի օդային հրդեհաշիջման աշխատանքներու  համար անհրաժեշտ սարքաւորումներ:

Օդանաւը մէկ թռիչքի ընթացքին կրակի օճախներու վրայ կրնայ ուղղել աւելի քան 42 թոն ջուր, ինչպէս նաեւ ստեղծել 800 մեթր երկարութեամբ եւ 60 մեթր լայնքով սահմանազատող գօտի:

«ԻԼ-76» օդանաւը կը նկատուի աշխարհի մեծագոյն հակահրդեհային

Նախորդը

Իսրայէլի Մէջ Կը Հետաքննեն Հայկական Դիրքերու Դէմ «Օրպիթըր 1քէյ»-ի Փորձարկման Իսրայէլացիներու Մասնակցութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ԵԱՀԿ-ի Երեւանի Գրասենեակի Փակման Հարցով Պատասխան Նամակ Մը Ստացաւ Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանատունէն

RelatedPosts

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?