Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հետաքննութեան սկսած է այն մեղադրանքին առնչութեամբ, որուն համաձայն Ազրպէյճանի մէջ իսրայէլեան «Այրոնոթիքս Տիֆենս Սիսթըմզ» ընկերութենէն խնդրած են ցուցադրել պայթուցիկով զինուած իր թիրախին վրայ խորտակուող անօդաչու թռչող սարքի օգտագործումը հայկական դիրքերու դէմ: «Հաարեց» կը գրէ, թէ իսրայէլեան ընկերութիւնը կը հերքէ մեղադրանքը: Կը նշուի, որ երբ անօդաչու թռչող սարքին մասնագէտները մերժած են այդ կիրարկումը կատարել կենդանի թիրախի դէմ, ընկերութեան ղեկավարները փորձած են իրենք կատարել զայն:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջերս բողոք ստացած է, թէ երբ նշեալ ընկերութեան պատուիրակութիւնը մեկնած է Ազրպէյճան` ընկերութեան «Օրպիթըր 1Քէյ» անօդաչու թռչող սարքի վաճառքին վերաբերեալ համաձայնագիրին կնքումը եզրափակելու համար, անոր անդամներէն խնդրած են կիրարկել պայթուցիկներով զինուած սարքը հայկական բանակի մէկ թիրախին դէմ: Դէպքը տեղի ունեցած է շուրջ մէկ ամիս առաջ:
Բողոքի մասին կիրակի օր յայտնած է իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը: «Այրոնոթիքս Տիֆենս Սիսթըմզ»-ը խստօրէն հերքած է, թէ իր անձնակազմը այդպիսի առաքելութիւն կատարած է` նշելով, որ փորձարկումը կատարուած է սարքը գնողին կողմէ եւ ընկերութիւնը «երբեք չի կատարեր (սարքի գործողութեան) ցուցադրութիւններ կենդանի թիրախներու դէմ, եւ ատիկա այդպէս եղած է նաեւ տուեալ պարագային»:
«Այրոնոթիքս»-ը իր արտադրութիւնը կը վաճառէ շուրջ 50 տարբեր երկիրներու եւ միայն պաշտպանութեան արտածման վերահսկողութեան գործակալութեան հաստատման պարագային: Կիրարկման գործողութիւնը կատարած է միայն գնորդը եւ իր պատասխանատուութեամբ: «Այրոնոթիքս»-ը երբեք չէ կատարած կենդանի թիրախներու դէմ ցուցադրութիւններ, եւ ատիկա այդպէս եղած է նաեւ տուեալ պարագային», նշած է ընկերութիւնը:
«Մաարիւ»-ի համաձայն, անօդաչու թռչող սարքի իսրայէլացի երկու մասնագէտները մերժած են հարուածել հայկական դիրքերը, ինչ որ կրնար պատճառել զոհեր, եւ նոյնիսկ իրենց դէմ ուղղուած սպառնալիքներէն ետք անյողդողդ մնացած են իրենց մերժումի հարցին մէջ: Ատկէ ետք, ընկերութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները առանձին զինած են եւ կիրարկած անօդաչու սարքը: Ի վերջոյ, հաւանաբար սարքերու օգտագործման իրենց փորձի պակասին պատճառով երկու անօդաչու սարքերը չեն հարուածած ճիշդ թիրախը, այդ պատճառով ալ ոչ մէկ վնաս արձանագրուած է: Համաձայն բողոքին, անոնցմէ մէկը ինկած է հայկական դիրքերէն շուրջ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ երկու մասնագէտներէն մէկը հեռացած է ընկերութենէն, միւսը նոյնպէս կը պատրաստուի հեռանալու:
Ընկերութեան կայքին վրայ կը նշուի, որ «Օրպիթըր 1Քէյ»-ը կրնայ տեղափոխել 1-2 քիլոկրամ պայթուցիկ:
Ընկերութեան դէմ բողոքը ներկայացուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան արտածման վերահսկողութեան գործակալութեան, որ պատասխանատու է երկրի պաշտպանութեան հարցերով գործարքներ իրականացնող ընկերութիւններու գործունէութեան վերահսկողութեան համար:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մերժած է մեկնաբանել հարցը` նշելով, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի մեկնաբաներ զինուորական արտածման վերաբերող հարցերը:
«Հաարեց» կը յիշեցնէ, որ նախապէս հաղորդուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարձակումի ժամանակ օգտագործուած է անօդաչու թռչող սարք: Օգտագործուած սարքը եղած է «Իսրայէլ Էյրոսփէյս Ինտասթրիզ» ընկերութեան արտադրած «Հարոփ» տիպ: 2016-ին «Հարոփ»-ը հարուածած է փոխադրակառք մը, այդ պատճառով ալ 7 հայեր զոհուած են:
Իսրայէլեան օրաթերթը կը յիշեցնէ նաեւ, որ վերջերս Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ իր երկիրը շուրջ 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինուորական սարքաւորում գնած է Իսրայէլէն: Տեղեկութեանց համաձայն, Իսրայէլ Ազրպէյճանին վաճառած է ռատար եւ անօդաչու թռչող սարքեր, ինչպէս նաեւ «Թաւոր» գնդացիրներ: