Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ

October 27, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Ֆլեչըր եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր նշեց, որ վարչապետին հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ իրենք քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ֆլեչըր նկատել տուաւ, որ վարչապետին հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող հարցեր` դիտել տալով, որ ինք վստահ է, թէ Լիբանան ի վերջոյ պիտի տայ իմաստուն որոշում մը, որ կ՛ապահովէ երկրին գերագոյն շահերը:

Ֆլեչըր յայտնեց նաեւ, որ ինք Միքաթիի յանձնած է Լոնտոն այցելութեան հրաւէր մը` աւելցնելով, որ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յառաջիկայ 7 նոյեմբերին բրիտանական վարչապետարանին մէջ պիտի ընդունի լիբանանցի իր պաշտօնակիցը:

«Մեզի համար այս հանդիպումը շատ կարեւոր կը նկատուի, որովհետեւ անոր ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ քննարկել շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այս դժուար հանգրուանին ընթացքին Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ Լոնտոնի զօրակցութեան հեռանկարները», ըսաւ Ֆլեչըր:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, որ յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Ապի Ռամիա յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ արծարծած է Պիրել Հիթ-Քարթապա ճամբուն շինութեան հարցը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին վերաբերող հարցեր` նկատի ունենալով, որ ինք կը գլխաւորէ այդ յանձնախումբը:

Ապի Ռամիա յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի դրական ընկալեց այդ հարցերը եւ խոստացաւ կառավարութեան այսօրուան նիստին իսկ քննարկել զանոնք ու անոնց վերաբերեալ համապատասխան որոշումներ տալ:

Սատրէտտին ու Ռապապ Սատըրներ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Իմամ Մուսա Սատըրի քոյրը` Ռապապ Սատըր եւ որդին` Սատրէտտին Սատըր:

Հանդիպումէն ետք Ռապապ Սատըր յայտնեց, որ իրենք վարչապետ Միքաթին հրաւիրած են ներկայ գտնուելու յառաջիկայ 24 նոյեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին, որուն պիտի մասնակցին քրիստոնեայ եւ իսլամ անձնաւորութիւններ եւ որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ Մուսա Սատըրի տեսակէտներուն համաձայն արդիւնաւէտ որոշումներու յանգիլ: Ան աւելցուց, որ հանդիպումը եղած է նաեւ առիթ մը` քննարկելու համար անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարը:

Ան հաստատեց, որ իմամ Սատըրի հարցը լուրջ քննարկումի առարկայ է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ` աւելցնելով, որ անոնք յոյսով են, որ Սատըր եւ անոր ընկերակիցները լաւ վիճակի մէջ են եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի զանոնք Լիպիայէն Լիբանան վերադարձնելու նպատակով:

 

Նախորդը

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՌԻԱՏ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։