ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հետաքրքրական եւ շինիչ յղացումներ եւ միտքեր ունիք, սակայն անոնք տակաւին կատարելագործուած չեն: Քիչ մը աւելի ժամանակ տրամադրեցէք եւ արագ գործի մի՛ սկսիք: Լաւ ծրագրուածը աւելի յաջող պիտի ընթանայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նոր ասպարէզ մը կ՛ուզէք սկսիլ: Ժամանակը շատ յարմար է, աստղերը փայլուն են եւ ձեզի յաջողութիւն կը խոստանան: Այս գործին դուք ամբողջ սրտով եւ կիրքով պիտի փարիք եւ շատ շուտ պիտի բարձրանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընդհանրապէս ընկերութեան մէջ լուռ կը մնաք եւ սխալ կամ անտեղի բաները չէք մատնանշեր: Երբեմն սխալները սրբագրեցէք, որպէսզի ընկերական կեանքը չխախտի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընտանեկան անհասկացողութիւննե՞ր կան. շատ բնական բան մըն է, սակայն պէտք չէ խորը թափանցել: Հարցերը մեղմացնելով` լուծումներու կը հասնիք: Միութիւնը ուժ է` կ՛ըսուի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր արձակուրդի օրերը առաւելագոյնը օգտագործեցէք, որպէսզի վերամուտին լաւ տրամադրութեամբ սկսիք ձեր գործին: Ձեր մէկ կողմ ձգուած գործերն ալ վերջացուցէք, որպէսզի մտահոգութիւններ չունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարեկամ մը նեղ կացութեան մը մատնուած է եւ ձեր օգնութեան պիտի դիմէ. այդ անձին օգտակար ըլլալով` մեծ գոհունակութիւն մը պիտի ունենաք, իսկ ձեր բարեկամը միշտ երախտապարտ պիտի մնայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դրամական հարց մը պիտի ունենաք եւ չէք գիտեր` ինչպէ՛ս դասաւորել: Մեծ անակնկալի մը դիմաց պիտի գտնուիք, որովհետեւ հեռաւոր ազգականէ մը ժառանգ մը պիտի հասնի, եւ ամէն ինչ պիտի դասաւորուի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ կալուած մը կ՛ուզէք գնել, ժամանակն է: Ձեր սպասածէն աւելի յարմար գիներով պիտի կարենաք գնել եւ ձեր ապագան պիտի կարենաք ապահովել: Բարի՛ վայելք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ամէն բան ծրագրուած ընել կ՛ուզէք եւ միշտ լաւը կ՛ընէք. երբեմն ալ առանց մտածելու յաջողութիւն մը կ՛ունենաք, ինչ որ ձեզ կը զարմացնէ: Այս վերջինը անշուշտ աւելի ուրախութիւն կը պատճառէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անիմաստ վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք, մանաւանդ` ընտանիքին մէջ: Մի՛ ձգէք, որ ձեր ընտանիքին հիմերը խախտին: Երբեմն եղած սխալները անտեսեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Չէք ուզեր, որ մէկը ձեզի խորհուրդներ եւ կարծիքներ տայ. թէեւ դուք ձեր գործը աւելի լաւ գիտէք, սակայն երբեմն ալ մտածելով պիտի տեսնէք, որ տրուած խրատներն ալ բոլորովին անիմաստ չեն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Զգացական գետնի վրայ նոր հանդիպո՞ւմ ունիք. շատ վերապահ եւ ամչկոտ մի՛ ըլլաք. ձեր սիրտը բացէք եւ ձեր զգացումները յայտնեցէք: Ձեր դիմացինը թերեւս համարձակութիւն չունի իր սէրը յայտնելու: