«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ 20 յուլիսին բանտարկութեան դատապարտուած լրագրող Ալեքսանտր Լափշին որոշած է չբողոքարկել իրեն դէմ արձակուած դատավճիռը, այլ խնդրած է զինք արտայանձնել Իսրայէլի իշխանութիւններուն` բանտարկութեան ժամանակը հոն ամբողջացնելու համար:
Այս տեղեկութիւնը բացայայտած է Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի այս լրագրողին իրաւաբանը` Էտուարտ Չեռնինը, «Մէյտան» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Նշենք, որ 26 յուլիսին Լափշին կրցած է հանդիպում մը ունենալ Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանին հետ` անոր եւս յայտնելով զինք Իսրայէլ փոխադրելու փափաքը:
Իր կարգին, Ազրպէյճանի արդարադատութեան նախարարութեան մարդկային իրաւունքներու գրասենեակի ներկայացուցիչ Ֆայիղ Ղուրպանով բաւարարուած է ըսելով, թէ արտայանձնումին հարցը կրնայ քննուիլ:
Լափշին, որ Արցախ կատարած իր այցելութեանց համար կը հետապնդուէր Պաքուի կողմէ, անցեալ տարեվերջին ձերբակալուած էր Մինսքի մէջ: