Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Օթաուային Կոչ Ուղղեց Անյապաղ Դադրեցնելու Զէնքի Վաճառքը Պաքուին

July 29, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը զայրացած է` տեղեկանալով, որ Քանատայի կառավարութիւնը Թորոնթոյի մէջ գտնուող զրահապատ մեքենաներու արտադրութեամբ զբաղող «ԻՆՔԱՍ Արմըրտ Վեհիքըլ Մանիւֆեքչըրինկ» ընկերութեան արտօնած է բարձրակարգ զինուորական սարքեր վաճառել Ազրպէյճանին:

Քանատայի միջազգային առեւտուրի հարցերով նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին ուղղուած նամակով մը Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց երկրի կառավարութեան` անյապաղ դադրեցնելու զէնքի արտածումը Ազրպէյճան եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու այդ սխալ որոշումին կասեցման ուղղութեամբ:

«Այդպիսի վտանգաւոր զէնքերու տրամադրումը Ազրպէյճանի նման աւազակ երկրի մը` կը խախտէ Քանատայի զէնքի արտածման վերաբերող ամէնէն հիմնարար չափանիշները եւ լուրջ վտանգ կը ստեղծէ ներքին ու շրջանային կայունութեան համար», յայտնեց Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան:

«Բազմիցս ապացուցուած է, որ Ազրպէյճանի վարչակազմը այդ զէնքը կ՛օգտագործէ ո՛չ միայն սպառնալիք ստեղծելով Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան ու անվտանգութեան, ո՛չ միայն շրջանային անկայունութիւն ստեղծելու համար, այլեւ այդ երկրին մէջ այլախոհութիւնը հետապնդելու համար», ընդգծեց Միրաքեան` աւելցնելով. «Փաստը այն է, որ 2016-ի ապրիլին Ազրպէյճան նոր ձեռք բերուած մահացու զինատեսակներով սանձազերծեց քառօրեայ պատերազմը, որ ամէնէն մահաբերն էր 1994 թուականի հրադադարին հաստատումէն ետք:

Արտօնելով զէնքի արտածումը Ազրպէյճան` Քանատան իր ներդրումը կ՛ունենայ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման մէջ: Այսպիսի որոշումները կը հակասեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ծիրին մէջ բանակցային հոլովոյթին ամբողջութեամբ աջակցելու Քանատայի պարտաւորութիւններուն:

Մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն` Ազրպէյճան բազմիցս դատապարտուած է յայտնի իրաւապաշտպան կառոյցներու կողմէ, ինչպէս` «Հիումըն ռայթց ուոչ»-ը, «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»-ը, կապուած երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին հետ: Ազրպէյճան քննադատուած է երկրին մէջ հիմնարար ազատութիւնները ճնշելու, նախ եւ առաջ անկախ մամուլին դէմ յարձակումներու համար»:

 

 

Նախորդը

Խոստանալով «Բռնել Փախած Թռչունը»` Թուրք Կայքահէններու «Այ Եըլտըզ Թիմ» Խմբակը Թափանցած Է Սեւան Նշանեանի Թուիթըրեան Էջը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Իր Սադրիչ Գործելաոճը Կը Փորձէ Պարտադրել Նաեւ Այլ Հարթակներու Վրայ

RelatedPosts

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Բաց Նամակը` Ալիեւի Հրաւէրով Բռնագրաւուած Արցախ Այցելած Կրոնոյին

September 19, 2026
Շոյկու. «Ռուսիան Երեւանի` Եւրոպական  Միութեան Հետ Համարկումը Պիտի Չֆինանսաւորէ»
Հայկական

Շոյկու. «Ռուսիան Երեւանի` Եւրոպական Միութեան Հետ Համարկումը Պիտի Չֆինանսաւորէ»

September 19, 2026
Հաճիեւ. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ Վրէժխնդրական  Ուժերը Կը Փորձեն Խաթարել Խաղաղութեան Հոլովոյթը»
Հայկական

Հաճիեւ. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ Վրէժխնդրական Ուժերը Կը Փորձեն Խաթարել Խաղաղութեան Հոլովոյթը»

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.