Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճանաչելիութիւն Ապահովելու Խնդիր Ունինք

Յուլիս 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յետհաշուարկը սկսած է եւ տակաւին պաշտօնական հայեցակարգ եւ տօնակատարութիւններու, ձեռնարկներու ընդհանուր պատկերացում եւ թէկուզ համալրելի ցանկ չէ հրապարակուած:

Յայտնին այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանին արձանը պիտի տեղադրուի Երեւանի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն մէջ եւ թէ Արամ Մանուկեանի տունը իր ներկայ անմխիթար վիճակէն դուրս պիտի գայ ու յայտնուի պետութեան ուշադրութեան կեդրոնին:

Ապահովաբար թէ՛ հայեցակարգը եւ թէ՛ տօնակատարութեան հետ կապուած տարբեր բնոյթի ձեռնարկները կը հրապարակուին եւ տեղի կ՛ունենան անպայման.խնդիրը ժամանակի հետ կապուած է եւ նման պատմակերտ իրադարձութիւններու նշումի ընդհանուր ուղղութիւններն ու կազմակերպման ձեւաչափերու ճշդումները կը նախապատրաստուին թուականէն բաւական առաջ. տարիէ մը պակաս ժամանակ մնացած է այս առումով:

Առաջնային այս խնդիրներուն մասին տակաւին բազմաթիւ հրապարակումներ կ՛ըլլան անպայման: Այժմ կեդրոնանանք, մասնակի բանավէճի բնոյթ ստացած Արամ Մանուկեանի արձանին յատկացուելիք տեղին շուրջ տարբեր մօտեցումներու, արժեւորումներու երեւոյթներուն:

Արամ Մանուկեանը անշուշտ գլխաւոր դարբնիչն է, մեր գոյութեան կռիւի ճակատագրական փուլը ղեկավարած եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն ժամանակաշրջանին հունաւորում տուած կեդրոնական դէմքը, Դաշնակցութեան որոշած քաղաքական վարքագիծի գլխաւոր գործադրողը:

Ըստ այնմ ալ նաեւ, այս առիթով անհրաժեշտ է, որ ստանայ իր արդար գնահատականը  թէ՛ պատմական, թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ առարկայական իմաստներով:

Խնդիրը այս պարագային հայրենի ժողովուրդին կողմէ անհրաժեշտ ճանաչողութեան բացակայութիւնն է Արամ Մանուկեանի արժէքին հանդէպ: արձաններու տեղադրումը որքան պետական որոշումի մեկնակէտ ունենայ, այնքան նաեւ համաժողովրդային ընկալելիութիւն ամրագրած կ՛ըլլայ: Մանաւանդ երբ ամէնէն կեդրոնական տեղին կը վերաբերի հանրապետութեան ամէնէն գլխաւոր կերտիչի կիսանդրին տեղադրելու հարցը:

Պետութենէն կ՛ակնկալուի անշուշտ, եւ արդարօրէն, համարժէք կեդրոնական տեղը տրամադրելու որոշումի կայացումը: Խնդիրը սուր կերպով կը վերաբերի երկրորդ ուղղութեան:

Երբ չկայ համաժողովրդային ճանաչողականութիւնը, հետեւաբար նաեւ ընկալելիութիւնը, ուրեմն այդ պարագային այս անհրաժեշտութեան ըմբռնելիութիւնը միատեսակ չ՛ըլլար, եւ հետեւաբար տեղի կու տայ տարատեսակ կարծիքներու, մօտեցումներու:

Կարելի է առարկել եւ ըսել, որ կեդրոնական տեղի յատկացումէն եւ արձանի տեղադրումէն տարիներ ու տասնամեակներ ետք, երբ կայանայ առաջադրուած ճանաչողականութիւնը, ժողովուրդը կը գիտակցի, որ ճիշդ որոշում  էր Արամ Մանուկեանին ամէնէն կեդրոնական տեղը տրամադրելու պետութեան քայլը:

Հիմա սակայն, մինչեւ 100-ամեակ հեռու ենք համաժողովրդային ճանաչողականութիւն ապահովելու առաջադրանքի իրականացումէն:  Այս ուղղութեամբ աշխատանք կար կատարելիք, որ չէ եղած: Այս ուղղութեամբ աշխատանք կայ կատարելիք, որ կը թուի, թէ անհրաժեշտ տարողութեամբ չի կատարուիր նաեւ այսօր:

Առաջադրանքը մէկ կողմէ Դաշնակցութենէն կ՛ակնկալուի, միւս կողմէ նաեւ եւ հիմնականին մէջ պետութենէն, տրուած ըլլալով թէ՛ մայիսեան յաղթանակներու, թէ՛ հանրապետութեան կերտումի համահայկական, համապետական  տարողութիւնն ու նշանակութիւնը:

Այս առաջադրանքը  անշուշտ չի վերաբերիր միայն Արամ Մանուկեանին: Հանրապետութեան շատ ու շատ կերտիչներ այո՛, ունին ճանաչելի դառնալու խնդիր: Այս ճանաչելիութեան ապահովումը պետութեան խնդիրն է ու անյետաձգելի հրամայականը:

Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով` 100-ամեակի նշումներու ընդհանուր պետական հայեցակարգի մշակումը, անոնց քաղաքական նշաձողի աստիճանաչափերու ճշդումը եւ` համայն հայութիւնը համակարգումի ձեւաչափերով ներգրաւելը գուցէ աւելի առաջնային են, քան Արամ Մանուկեանի արձանին յաւելեալ կեդրոնական տեղ տրամադրելու այլապէս կարեւոր խնդիրը:

100-ամեակի հայեցակարգային, քաղաքական, եւ գործելաձեւային հիմնադրոյթները ցարդ չեն երեւնար: Երեւցածը արձանի վայրի ճշդումի առիթով տարբեր տեսակէտներն են: Եւ ճիշդ չէ, որ միայն Դաշնակցութիւնը կանգնած ըլլայ նման պահանջի ետին:

Արամի արձան դնելը կարեւոր է, սակայն ոչ պակաս չափով  կարեւոր է նաեւ ծրագիրի խնդիրը: Ճանաչելիութեան խնդիրը  պետութեան ճշդելի հայեցակարգին առաջնային կէտերէն պէտք է ըլլայ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ ապահովաբար: Արամ Մանուկեանի արձանի հասցէէն կախեալ չէ հայ ազգի շարունակականութիւնը ապահոված  ամէնէն աւելի դերակատար ուժին եւ անոր կողմէ ճակատագրորոշ կարեւորագոյն փուլը կերտած գործիչին պատմական արժեւորումը:

100-ամեակին եւ անկէ ետք երկար ժամանակի վրայ ճանաչելիութիւն ապահովելու խնդիր ունինք ազգովին:

 

 

 

Նախորդը

Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ Կատարուած Շքեղ Տողանցքով Ու Պաշտօնական Հանդիսութեամբ ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Ազդանշանը Տուին ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Յոբելենական Տօնակատարութիւններուն

Յաջորդը

Գերմանական Հակահետախուզութիւնը Յայտնած Է Գերմանիոյ Մէջ ՄԻԹ-ի Աշխուժացման Մասին

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?