Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յեղափոխութեան Վաթսունհինգ Տարիները

Յուլիս 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»

1952 յուլիսի 23-ի շրջադարձային յեղափոխութեան մասին է խօսքը, որուն 65-ամեակը կը նշուի օրերս: Այս յեղափոխութեամբ Եգիպտոս թագաւորութեան փոխարէն` հանրապետական վարչակարգ որդեգրեց, քաղաքացիական իշխանութիւնը զինուորականով փոխարինուեցաւ ու ցարդ կը շարունակուի, նախապէս գործող քաղաքական կուսակցութիւնները փակուեցան, ու փոխարէնը հռչակուեցաւ գաղափարական միակ ուղղուածութեան դարաշրջան, որ տեւեց քառորդ դար, հողատէր ընտանիքներէն գրաւուեցաւ եւ հողագործին բաշխուեցաւ հողը, իսկ կրթութիւնը` տարրականէն մինչեւ բարձրագոյն, անվճար հռչակուեցաւ, ազգայնացման անուան տակ բռնագրաւումներու ալիք բարձրացաւ, որոնց շարքին` Սուէզի ջրանցքի ընկերութիւնը:

Եգիպտականացումը դարձաւ յեղափոխութեան գլխաւոր կարգախօսներէն մին:

Անշուշտ ժողովրդային լայն զանգուածներուն աջակցութիւնը միշտ յեղափոխական նոր վարչակարգին հետ եղաւ, նոյնիսկ` դառնագոյն պարտութեան պահերուն: Եգիպտոս անդառնալիօրէն մուտք գործեց պատմական շրջան մը, ուր պետութեան փոխարինեց իշխանութեան սպասարկումը, որոնք` պետութիւն եւ իշխանութիւն, ամբոխավարութեան ալիքին վրայ երբեք չհամադրուեցան:

Արդարեւ, ինչո՞ւ գնահատական կու տանք այսօր: Իբրեւ հայ թէ իբրեւ հանրային օրկան` միշտ ցանկացողն ու մասնակիցը եղած ենք մեզ հիւրընկալած երկրի բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան, անոր ներքին համերաշխութեան, ազատութիւններու պահպանման եւ կենսամակարդակի բարձրացման: Մէկ խօսքով, եղած ենք պետութեան կողքին` իր ամբողջութեան մէջ վերցուցած: Եւ պէտք է ըսել, որ պետութիւնն ալ ասպարէզը լայն բացած է դրական մասնակցութեան:

Եկաւ պահ մը սակայն, երբ յանուն յեղափոխական կարգախօսերու` մասնակցութեան լայն ասպարէզը յանկարծ նեղցաւ ոչ միայն հայուն համար, այլ` ընդհանրապէս ոչ բնիկ եգիպտացիին համար, թէկուզ ան երկու-երեք սերունդ ծնունդով եգիպտացի, Եգիպտոս գործած ըլլար, քաղաքացիութիւն ունենար:

Եգիպտոս Մոհամետ Ալիի Եգիպտոսի վերածննդեան բնորդէն հրաժարած էր. պետութեան համար կարեւորը գործողին կամ դիմորդին որակը, կարողութիւնը չէր այլեւս, այլ ծագումը, ապա` հաւատարմութիւնը վարչակարգին: Այս ընթացքին մէջ կորսուեցաւ նաեւ լաւագոյնի ընտրութեան մեքանիզմի աւանդոյթը` տեղը զիջելով ծանօթ-բարեկամ-խնամի անձուկ շրջանակին: Բնականաբար, կարճատեւ դադարներու բացառութեամբ, պետութիւնը տուժեց այս ընթացքէն եւ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական անվերջանալի ճգնաժամեր իրարու յաջորդեցին:

Ներկայ ուղղութիւնը կը սպառնայ նոյնինքն եգիպտացիներու միջեւ ա՛լ աւելի խորացնել դաւանական ու կրօնական խտրականութիւնը` օրէնքէ դուրս ծայրայեղականներու ձեռամբ սպառնալով ոչ դաւանակիցներու կեանքին, պատուին ու գոյքին, մինչ վարչակարգը, բնական է, խտրականութեան զոհերը կը պաշտպանէ ու կը հատուցէ վնասները, սակայն ընդհանուր ուղղութեան մէջ բեկում մտցնելու անկարող կը մնայ, ինչպէս` ահաբեկչութեան դէմ:

Իրարմէ անկախ երեւոյթներու մասին չենք խօսիր, անոնք սերտօրէն իրարու կապուած են. աղանդաւորութիւնը տարափոխիկ հիւանդութիւն է, որուն դէմ կարելի չէ առնել այլ աղանդաւորութեամբ:

Եգիպտոս, իր աշխարհագրական դիրքով թէ պատմութեամբ, քաղաքակրթականօրէն չի կրնար ենթարկուիլ ազգային, դասակարգային, գաղափարական թէ կրօնական աղանդաւորութեան: Անոնք իր յառաջդիմութիւնը եւ զարգացումը խափանողներն ըլլալէ անդին` պետութեան հիմերը քանդողն են: Եւ եթէ 65 տարի առաջ եգիպտականացման կարգախօսը կը միտէր տեղացիին ընկերային, կրթական ու տնտեսական ոստումի հնարաւորութիւն ընծայել, խաղի կանոնները խախտելով` թերահաս պտուղ ունեցաւ երկիրը, որ այսօր ա՛լ աւելի կը խորանայ:

Արդարեւ, խանդավառութեան մէջ մարդիկ կը մոռնան, որ գաղափարները, վարդապետութիւնները, անձինք, որքան ալ վաստակ ունենան, կոչուած են ծառայելու հաւաքականութեան բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան: Մնացածը շա՛տ ժամանակաւոր եւ վաղանցուկ խանդավառութեան մը կը ծառայէ, որ յետոյ կրնայ անէծքի փոխուիլ…

Օրինակները 20-րդ դարուն շատ ունեցանք, մէկ մասը ասուպի արագութեամբ, միւսը` աւելի դանդաղ: Ունինք նաեւ դարեր վերապրողներ…

 

 

Նախորդը

6-18 Տարեկաններու Արտադպրոցական Որակաւոր Դաստիարակութեան Կարեւորութիւնը, Ռազմավարական Գործելակերպի Բարեփոխումը Եւ Յետհարիւրամեակի ՀՄԸՄ-ի Դերը

Յաջորդը

Լիզպոն. Հայաստանի Համար` Հայաստանէն Հեռու

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?