Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

6-18 Տարեկաններու Արտադպրոցական Որակաւոր Դաստիարակութեան Կարեւորութիւնը, Ռազմավարական Գործելակերպի Բարեփոխումը Եւ Յետհարիւրամեակի ՀՄԸՄ-ի Դերը

Յուլիս 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ

Շատ անգամ կը խօսինք այն իրողութեան մասին, որ մեր ազգի համահայկական հաւաքական գործին հանդէպ աւելի մեծ հաւատք ունեցող, աւելի մեծ արժէք տուող, գիտակից հասարակութեան մը պէտք ունինք: Եթէ մենք մեզի հարց տանք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հզօրանալ որպէս ազգ ու պետութիւն, մեր ազգային իրականութեան հանդէպ աւելի պահանջկոտ մօտեցումի կողքին, պարտինք պատրաստել ապագայի աւելի յանձնառու հայը: Նման նպատակի մը իրականացման յաջողութիւնը ունի բազմաթիւ նախադրեալներ, որոնց ամենակարեւորներէն կը հանդիսանան ռազմավարական գործելակերպի նոր ձեւը, ղեկավարութեան սերնդափոխութիւնը եւ պետական կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու շարքերու թարմացումը: Այս բոլորը կը պահանջեն թէ՛ մտածելակերպի ու աշխատելաձեւի բարեփոխութիւն, թէ՛ ապագայ սերունդի որակաւոր դաստիարակութիւն, ի մասնաւորի` 6-18 տարիքին:

Մեզմէ շատերը, որոնք սփիւռքի մէջ կ՛ապրին ու կը պատկանին ոչ երիտասարդ սերունդին, բախտն ու առիթը ունեցան լաւագոյն մշակներու շունչով դաստիարակուելու` օգտուելով անոնց միտքէն եւ ոգիէն: Մեր ծնողներն ու դպրոցը մեր մէջ դարբնեցին հայ լեզուին եւ հայ ինքնութեան արժէքները, իսկ կուսակցութիւն-միութիւն-կազմակերպութիւն եռեակը ներկայացնող ազգային  մշակները մեր սերունդին մէջ մղում տուին բարձրանալու «Ես»-էն վեր եւ տեսնել հաւաքական ուժի առաւելութիւնները, ներարկեցին հպարտ հայու զգացումը` հեշտացնելով մեր ամէնօրեայ կեանքին հետ համակարգումը եւ զարգացուցին ու ամրապնդեցին յանձնառու հայու կերպարը:

Այսօրուան հայկական իրականութիւնը տարբեր է սակայն: Մարտահրաւէրները աւելի ճնշիչ են, եւ մեր այսօրուան պատանիներն ու երիտասարդները չունին նոյն պատեհութիւնն ու բախտը: Եւ որպէսզի ապագայի գործը աւելի  արդիւնաբեր ըլլայ, նորօրեայ մարտահրաւէրները կը պահանջեն համահայկական ռազմավարութեան տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխուած գործելակերպ, ներառեալ` կազմակերպական եւ դաստիարակչական ոլորտին մէջ, ուր, ուրիշներու կարգին, նաեւ կը գործէ ՀՄԸՄ-ը:

Պատկեր 1.- Ազգային Հրամայականները Եւ
Հետապնդման Աշխատանքի Տարբեր Ոլորտները

Հայ ազգի հրամայականը առաջին հերթին Հայաստանի, երկրորդ` Սփիւռքի հզօրացումն է: Մեր ազգային համահայկական նպատակներն են` Հայաստանի եւ Արցախի հզօրութիւնը ու անոնց դիմադրականութիւնը, Հայ Դատի արդարութեան հետապնդումը, եւ հայ ազգի աշխարհացրիւ մասնիկներու, Սփիւռքի ազգային ինքնութեան եւ հայ մշակոյթի պաշտպանումը: Այս բոլորին հետապնդման աշխատանքը ունի տարբեր ոլորտներ` քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական, կրօնական տնտեսական եւ կազմակերպական, որոնք կը ներառեն դաստիարակչականը, թէ՛ թուական եւ թէ որակական ներուժով:

Քաղաքական ոլորտը վստահուած է Հայաստանի պետականութեան, կուսակցութիւններուն եւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն: Տնտեսական աշխատանքը բորորին պարտականութիւնն է, ներառեալ` անհատներու: Կազմակերպականը ունի եկեղեցական-հոգեւոր, ուսումնական-դաստիարակչական, պատանեկան-երիտասարդական, մարմնամարզական, մշակութային, ընկերային օգնութեան, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու ներդրումը եւ անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն:

Պատկեր 2.- Կազմակերպական Ոլորտի
Զիրար Ամբողջացնող Կառոյցները

Այսօր ազգային հրամայականի առաջնահերթութիւնը քաղաքական-հասարակական նոր կացութիւն մը ստեղծելն է: Պետութիւն, եկեղեցի, կուսակցութիւններ, հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ, յարակից եւ այլ միութիւններ, նաեւ` անհատներ, բորորն ալ ունին իրենց կարեւոր աշխատանքային ծիրը: Իրականութիւնը այն է, որ ներկայի հրամայականի անկիւնէն դիտուած` ուսումնական-դաստիարակչական ծիրը նուազ արժեւորուած է, իսկ  արտադպրոցական դաստիարակչութեան ներուժը տակաւին գնահատուած չէ:

Հասարակական-քաղաքական նոյն հրամայականներուն պատճառով ՀՄԸՄ-ի նման «մարմնակրթական» կազմակերպութեան մը ազգային կարեւորութիւնը երկրորդական կը սեպուի: Սակայն ՀՄԸՄ-ը  ինքնանպատակ չէ. իր հրամայականը նոյնն է. հայ ազգի հրամայականը` Հայաստանի եւ սփիւռքի հզօրացումը: Իր գաղափարաբանութիւնը նոյնն է. մեր ազգային համահայկական նպատակները եւ իր աշխատանքային դաշտը կազմակերպական ու դաստիարակչական է: ՀՄԸՄ-ը գիտակից է կազմակերպական եւ դաստիարակչական այդ պարտականութեան, ու մանաւանդ գիտակից է այդ ոլորտի անհրաժեշտութեան: Ուսումնական-դաստիարակչական շրջագիծին մէջ հայ վարժարանի դաստիարակութիւնը անփոխարինելի է, բայց պէտք է շեշտել արտադպրոցական որակաւոր հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, եւ ահա հոս կը սկսին ՀՄԸՄ-ի դերն ու անոր աշխատանքային դաշտը:

Ի՞նչ է ուրեմն ազգային ռազմավարական ակնոցով դիտուած ՀՄԸՄ-ի իսկական նպաստը` համահայկական նպատակներու եւ գաղութային ղեկավարման ծիրին մէջ:

Սկսելու համար` խօսինք ՀՄԸՄ-ի հայաստանեան իրողութեան մասին: Որպէս ազգ` մենք ունինք կարգ մը բանավէճեր, որոնցմէ մէկն է սփիւռք-Հայաստան բանավէճը` սփի՞ւռքը հզօրացնել, թէ՞ Հայաստանը: Այս իմաստով, ՀՄԸՄ-ը սփիւռք-Հայաստան բանավէճերէն բարձր է: Որպէս կազմակերպութիւն` ՀՄԸՄ-ը համահայկական ռազմավարութիւն կը կիրարէ: ՀՄԸՄ-ի հայաստանեան գործունէութիւնը հայրենիք այցելելով եւ նիւթական ներդրումներ ընելով չէ սահմանափակուած: ՀՄԸՄ-ը որպէս կառոյց` 25 տարիէ ի վեր արդէն ներկայ է Հայաստանի կեանքին մէջ, ուր ունի Հայաստանի քաղաքացի երիտասարդ անդամներ: Իր առաքելութիւնն է դարբնել տիպար քաղաքացին, որ կը հաւատայ երկրի ընկերային արդարութեան հաստատման եւ կը նպաստէ երկրի զարգացման: Մինչեւ օրս ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շարքերուն մէջ թրծուած են հազարաւոր պատանի-երիտասարդներ, որոնք դարբնուած են սկաուտական եւ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանի կարգախօսերով եւ այս ձեւով` ՀՄԸՄ-ը Հայաստանի մէջ պատրաստած է եւ տակաւին կը պատրաստէ հայաստանաբնակ սերունդ մը, որ մաքուր է իր նկարագիրով, ինքնավստահ ու գործօն քաղաքացի է, կը հաւատայ ընկերային արդարութեան եւ իրեն հետ ուրիշներ բարձրացնելու սկզբունքին: ՀՄԸՄ-ի հայաստանեան գործունէութիւնը, ուրիշներու նման, խօսքով չէ, երբեմն այցելութեամբ չէ, այլ որպէս քաղաքացի` ամէնօրեայ ներկայութեամբ եւ շարունակականութեամբ:

Այս իմաստով, ՀՄԸՄ-ը նաեւ վեր է երկրորդ սփիւռք-Հայաստան վէճէն. այն, որ` «սփիւռքը ժամանակաւոր է», կամ` «կարեւորը հայրէնասէր ըլլալ չէ, այլ` հայրենադարձ եւ հայրենատէր»: ՀՄԸՄ-ը արդէն իսկ հայրենադարձ է, հայրենատէր է եւ կը հաւատայ ազգի մէկութեան: Այս կարեւոր իրողութիւնը, սակայն, մեր ազգային ռազմավարութեան մէջ չէ գնահատուած եւ չէ օգտագործուած:

Պատկեր 3.- ՀՄԸՄ-ի Գործունէութեան Դաշտը

Հայաստանեան գործունէութեան կողքին, սակայն, ՀՄԸՄ-ը ունի իր պատմական գործունէութիւնը, իր սփիւռքեան 99-ամեայ գործունէութիւնը: Այսօր ՀՄԸՄ-ը հայութեան մէկ պատկառելի զանգուածին կը ծառայէ, բայց որպէս ազգային կառոյց` նուազագոյն չափով կ՛օգտագործուի:

Առարկայականօրէն անիկա աշխարհասփիւռ հայկական մեծագոյն կազմակերպութիւնն է` աւելի քան 26.000 անդամներով, 25-է աւելի երկիրներու մէջ 107 մասնաճիւղերով, իսկ  Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանին մէջ ունի 6500 անդամներ, որոնցմէ շուրջ 5000-ը 25 տարեկանէն վար են: Այո՛, ՀՄԸՄ-ը յարգանք կը վայելէ, բայց եթէ հարցին նայինք ազգային-ռազմավարական հրամայականներու դիտանկիւնէն, անհասկնալի է, որ յաճախ իր արժէքը կը բնութագրուի գլխաւորաբար որպէս ազգային հպարտութիւն ներշնչելու միջոց: Օրինակ, Լիբանանի մէջ` մարզական յաղթանակ ամէն գնով. իսկ ընդհանրական գաղութային կեանքի մէջ` ներքին ազգային եւ քաղաքական, կրօնական կամ մշակութային ձեռնարկներու սկաուտներու եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի մասնակցութեամբ եւ մարզական փառատօներու ընծայած ուժի ցուցադրութեամբ: Ձեռնարկներու մասնակցութիւնը եւ ազգային հպարտութիւն ներշնչելը ազգային բոլոր կառոյցներուն կողմէ թէ՛ ակնկալուած է եւ թէ՛ կը գնահատուի: Լա՛ւ է, բայց երբ ՀՄԸՄ-ի ազգային նպաստը ձեռնարկներու մասնակցութեամբ կը սահմանափակուի, արդեօք հաւաքական կառոյցի մը ուժի եւ ներուժի արժեւորումը թերագնահատուած չ՛ը՞լլար:

Ինչպէս ամէն ոլորտի մէջ, սփիւռքի եւ գաղութներու մէջ եւ ղեկավարումի աշխատանքը տանող ազգային համակարգ մը կայ, որ ունի իր ռազմավարութիւնը: Այդ ռազմավարութեան նպատակակէտը սփիւռքի հզօրացումն է, որ կը նշանակէ` ա) սփիւռքը աւելի հայօրէն  պահել, այսինքն` հայապահպանում,  բ) սերունդներու մէջ քաղաքական գիտակցութիւն արթնցնել: Քաղաքականացնել` կը նշանակէ առաւելագոյն թիւով հայ երիտասարդներ յանձնառու դարձնել` զանոնք մեր ազգային կեանքի առօրեային եւ ազգի նպատակներուն կապելով: Հարցը այն է, թէ երիտասարդ բազմութիւններու մէջ ինչպէ՞ս կարելի է զարգացնել քաղաքական գիտակցութիւն, մանաւանդ` որակաւոր եւ մեծ համրանքով:

Օրըստօրէ, վերեւ յիշուած համակարգին զուգահեռ, մէջտեղ կու գան անհատական կառոյցներ, ընդհանրապէս` աւելի նեղ նպատակներով: ՀՄԸՄ-ը բոլորին մէջ ալ արժէք կը տեսնէ, բայց որպէս կազմակերպութիւն` կը հաւատայ հաւաքական նպատակի եւ յիշուած ազգային ռազմավարութեան մասնակից ու ուղեկից կառոյց է: Մենք մեզի հարց տանք, թէ 20 տարեկանէն ետք քանի՞ հայ երիտասարդի գիտակցութիւնը կարելի է գրաւել, եթէ մինչ այդ այդ  երիտասարդները հայկական առօրեայէն, մանաւանդ որակաւոր հայ մթնոլորտէն հեռու մեծցած են: Ներկայիս, հայ երիտասարդութեան պատկառելի խաւի մը պարագային, ազգային օրակարգը ամէնօրեայ կեդրոնացումի առանցքը չէ: Խոստովանինք, այսօրուան Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու ու հետզհետէ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս ազգ, կաղալով կը բարձրանանք: Տուն-դպրոց-եկեղեցի-ակումբ շրջագիծը որակային նահանջ արձանագրած է:

Լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, Միջին Արեւելքէն դուրս, ամբողջ սփիւռքի հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւը 10.000ը չ՛անցնիր: Քալիֆորնիոյ մէջ ունինք շուրջ 5000 աշակերտներ, որոնք հայկական դպրոց կը յաճախեն, իսկ աւելի քան 50.000` ոչ հայկական: Եւ  ահա հոս կը ծագի մեր ազգային մէկ այլ բանավէճը, թէ արդեօք միայն հայոց լեզուի ուսուցումո՞վ կը կազմաւորուի ազգային դիմագիծը: ՀՄԸՄ-ը` որպէս պատասխանատու համահայկական կազմակերպութիւն չի կրնար կրաւորական մնալ այս վէճին մէջ, երբ իր ներուժը տրամադրած է ազգային հաւաքական աշխատանքին:

Աւելի քան որեւէ այլ կազմակերպութիւն` ՀՄԸՄ-ը արտադպրոցական հայեցի դաստիարակութեան օրրան է: Կառոյցի քաշողականութեան պատճառով ՀՄԸՄ-ին կ՛անդամակցին թէ՛ հայ դպրոց յաճախող եւ թէ ոչ հայկական վարժարան յաճախող պատանիներ: Ներկայի իր անդամներու համեմատական տոկոսը, անոնք, որոնք 18 տարեկանէն փոքր են եւ հայկական դպրոց չեն յաճախեր, 50-60 առ հարիւր է. այսինքն շուրջ 8000 պատանի-երիտասարդներ միայն ՀՄԸՄ-ի օճախին մէջ կը ստանան հայկական սնունդ, եթէ նոյնիսկ անբաւարար է ատիկա: Արդեօք ո՞ր կազմակերպութիւնը կրնայ մօտենալ այս թիւերուն: ՀՄԸՄ-ի այս դերակատարութիւնը թերեւս ակնյայտ չէ, բայց իրողութիւն է, եւ` կարեւո՛ր իրողութիւն:

Ուրեմն ի՞նչ է ՀՄԸՄ-ի ներդրումը: Արեւմտեան սփիւռքի մէջ ՀՄԸՄ-ը կը փորձէ հաւասարակշռութիւն պահել բնակավայր երկրի պարտադրած իրականութիւններուն եւ հայեցի դաստիարակման հրամայականին միջեւ` փորձելով մէջտեղ բերել 21-րդ դարու սփիւռքցիի եւ երկրի քաղաքացիի նախատիպ մը, որ հպարտ է իր ապրած երկրով` բայց աւելի հպարտ եւ մանաւանդ յանձնառու է իր հայկական պատկանելիութեամբ: Այս երկակենցաղ դրութեան հետապնդումը եւ կրաւորական ընթացքէն դէպի կամովին յանձնառո՛ւ հայ առաջնորդելու ճիգը ՀՄԸՄ-ի համար գիտակից ռազմավարութիւն է: Կ՛արժէ կրկնել, որ սփիւռքի ամէնօրեայ կեանքի իրականութեան մէջ ՀՄԸՄ-ը ոչ միայն հայեցի շունչ, ոգի եւ մշակոյթի առիթ կ՛ընծայէ, այլ կը փորձէ պատրաստել 6-18 տարիքի հայու տիպար մը, որուն կապը հայութեան հետ հիմնուած է գիտակցութեան եւ կամաւոր յանձնառութեան վրայ: Այս ձեւով, ՀՄԸՄ ենթահողը կը պատրաստէ 20 տարեկանէն վեր ապագայի ՀՄԸՄ-աւարտ, ոչ կրաւորական երիտասարդներու պատրաստութեան, եւ ինչո՞ւ չէ, քաղաքական գիտակցութեամբ օժտուած դաստիարակութեան:

Ահա՛ այս կէտն է, որ քաղաքական, կրօնական եւ տնտեսական ոլորտներու կողքին, մեր ազգային ռազմավարութեան կազմակերպական-դաստիարակչական ծիրէն ներս պէտք է աւելիով յարգել ու զարգացնել: Իրականութիւնը այն է, որ մեր անցեալի եւ ներկայի ազգային կառոյցներու շրջագիծն ու ռազմավարական գործընթացը, ուր առանձնաբար կը գործէին դպրոցը, Համազգայինը, ՀՕՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը, երիտասարդական միութիւնները, Հայ դատը  եւ ուրիշներ, այլեւս իրենց անցեալի յաջող արդիւնքը չեն տար, ոչ ալ կրնան կատարեալ արդիւնք տալ: Շատ մը կառոյցներու քանակական թիւը պակսած է, իսկ բոլորին որակը եւ մարդուժը բաւական նուազած են: Դաստիարակչական շրջագիծին մէջ հայ վարժարանի դաստիարակութիւնը անփոխարինելի է, բայց որովհետեւ աշակերտութեան թիւը կը պակսի, արտադպրոցական որակաւոր հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը եւ հայ մշակոյթին պաշտպանութիւնը աւելիով պահանջ է: Հոս երեւան կու գան ՀՄԸՄ-ի դերը եւ աշխատանքային նոր հնարաւորութիւններու ներկայիս թաքուն դաշտը, որ աւելի ընդարձակ պէտք է ըլլայ, քան ինչ որ է այսօր:

Կայ չօգտագործուած ռազմավարական իմաստով հսկայական առիթ, զոր անհրաժեշտ է քննել եւ ատոր համեմատ ներուժ տրամադրել: ՀՄԸՄ-ը միակ արտադպրոցական դաստիարակութեան օժանդակող կազմակերպութիւնը չէ. կան ուրիշներ: Բայց քանի որ ՀՄԸՄ-ը պատրաստ քանակային ուժ մը ունի, աւելի խոստմնալից ռազմավարական կարողականութիւն ունի: Թերեւս աւելի ճկուն եւ, ի հարկին, նոր ուղիներ որոնելով, նմանօրինակ առաքելութեան կոչուած այլ կառոյցներու հետ միասնաբար ՀՄԸՄ-ի դերն ու աշխատանքային դաշտը պէտք է աւելի ընդարձակել եւ ՀՄԸՄ-ի կառոյցը օգտագործել նպատակներու համար, որոնք անցեալին ՀՄԸՄ-ի ծիրին մէջ սահմանուած չէին: Պէտք է մոռնալ մեր ներկայի կառուցային սահմանափակումները եւ գաղութ առ գաղութ ուսումնասիրել հաւաքական ուժերով եկեղեցի-ՀՄԸՄ, ՀՄԸՄ-ՀՕՄ-Համազգային եւ այլ կառոյցներու մասնակի մէկտեղումով եւ գործակցութեամբ ստեղծուող ճկուն տարբերակ մը, ուր մարմնամարզն ու սկաուտութիւնը միջոց կը ծառայեն 6-18 տարեկան պատանիներու աւելի ընդարձակ արտադպրոցական դաստիարակութեան մը, ուր շեշտը կը դրուի դաստիարակութեան որակին վրայ, եւ աւելի մշակուած կերպով ազգային դիմագիծ կը կերտուի: Ռազմավարութեան նպատակը կ՛ըլլայ մէջտեղ բերել 21-րդ դարու սփիւռքցիի եւ երկրի քաղաքացիի որակաւոր նախատիպ մը, որ հպարտ է իր ապրած երկրով, բայց աւելի հպարտ ու մանաւանդ յանձնառու իր հայկական պատկանելիութեամբ: ՀՄԸՄ-ի կտուրին ներքեւ յղկուած 6-18 տարեկան պատանիները կրաւորական ընթացքէն կամովին յանձնառու հայ դարձնելու առաքելութիւնը կը շարունակուի, եւ այս ձեւով ՀՄԸՄ-ը ենթահողը կը պատրաստէ 20 տարեկանէն վեր ապագայի ՀՄԸՄ-աւարտ ոչ կրաւորական երիտասարդներու պատրաստութեան, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` քաղաքական գիտակցութեամբ օժտուած դաստիարակութեան:

Պատանիներն ու երիտասարդութիւնը մեր ազգային հարցերուն մէջ աւելիով մասնակից դարձնելու ու գիտակից սերունդ մը պատրաստելու համար պէտք ունինք ներկայ իրականութիւնները տարբեր ձեւով դիտելու անհրաժեշտութեան (Paradigm shift): ՀՄԸՄ-ը ունի աւանդ, վաստակ եւ խիտ շարքերու ուժ: Անիկա, ինչպէս միւս ազգային կառոյցները, նաեւ սերնդափոխութեան սեմին է: Բարեփոխուելու եւ նոր նուաճումներ յաջողցնելու համար պէտք չունինք փոխելու մեր համահայկական ռազմավարութիւնը: Պէտք չունինք փոխելու կազմակերպութիւններու նպատակներն ու կանոնագրութիւնները: Միակ փոփոխութիւնը գործընթացին մէջն է, ռազմավարական ուղեգիծը եւ այսօրուան որդեգրուած աշխատելաձեւը որոշ վերաքննութեան ենթարկելն է` ի նպաստ աւելի ճկուն գործունէութեան:

Շուտով ՀՄԸՄ-ը կը մտնէ իր երկրորդ հարիւրամեակը, եւ եթէ պատանեկան տարիքի արտադպրոցական որակաւոր հայեցի դաստիարակութիւնը եւ հայ մշակոյթի պաշտպանութիւնը մեր ազգային ռազմավարութեան մէջ աւելիով  արժեւորուի, ՀՄԸՄ-ի աշխատանքային դաշտը, որ կ՛ընդգրկէ 6-18 տարիքի պատանիները, բնականաբար պէտք է ընդլայնի: Այս աւելի լայն գործունէութեան կարիքներուն հասնելու եւ նպատակի արդիւնաբերութեան համար գաղութի համակարգի եւ ղեկավարութեան կողմէ ՀՄԸՄ-ի հանդէպ նոր մարտավարութիւն ու վճռակամութիւն պէտք է ցուցադրուի ու յաւելեալ մարդուժ տրամադրուի:

Յաջորդիւ պէտք է խօսիլ ծրագիրի հետապնդման եւ միջոցառումներուն մասին` յստակացնելով անոնց իրականացման ձեւերն ու գործադրութեան մանրամասնութիւնները:

Ապրիլ 2017

Նախորդը

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Յեղափոխութեան Վաթսունհինգ Տարիները

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?